Շաբաթ, 16 մարտին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան-Չափանեան Վանքուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան «Սաքսես Կրուփ»-ի ընդունելութեան:
Սոյն հաւաքին կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Քանատայի նախկին ընդհանուր դատախազ եւ արդարադատութեան նախարար ճոտի Ուիլսըն Ռէյպոլտ, խորհրդարանի երեսփոխան Ալիս Ուանկ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներ Մայք Ֆարնուըրթ, Շէյն Սիմփսըն, Մելանի Մարք, նահանգային Խորհրդարանի անդամներ Անտրու Ուիլքինսըն, Թերեսա Ուաթթ, Ռիչմընտ քաղաքի քաղաքապետ Մայքըլ Պրոտի, Քոքուիթլըմ քաղաքի քաղաքապետ Ռիչըրտ ՍԹիուըրթ, Վանքուվըրի փոխքաղաքապետ Մայքըլ Ուիպի, զանազան քաղաքներու աւագանիներու անդամներ եւ կարգ մը երկիրներու հիւպատոսներ:
Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները վերոնշեալ քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցան առանձնազրոյցներ, որոնց ընթացքին արծարծեցին Արցախի հիմնահարցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու քանատահայութիւնը շահագրգռող հարցեր: Անոնք նաեւ անդրադարձան Քանատա-Հայաստան առեւտրական երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութեան: