Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերով պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Աթաբէկեան Ժրայսաթիի հետ քննարկեց Հայաստանի եւ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները:
Այս մասին Ժրայսաթի յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրները ստորագրուած են, երբ ինք արդարութեան նախարար էր` Հայաստանի նախկին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ: Ան աւելցուց, որ այդ համաձայնագիրներուն մանրամասնութիւնները կարելի է քննարկել արդարութեան նոր նշանակուած նախարար Ալպեր Սարհանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրները յուզող շարք մը հարցեր: