Իտալիոյ Լացիօ մարզի մարզային խորհուրդը 18 մարտի իր նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին ընդառաջ միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն ընդունելու մասին բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Իտալիոյ հայ համայնքի կայքը:
Բանաձեւը ներկայացուած է մարզային խորհուրդի անդամ Սերճիօ Փիրոցցիի նախաձեռնութեամբ: Փաստաթուղթին մէջ խորհուրդի անդամները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ազգին` պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մղած պայքարին մէջ:
Կայքը կը նշէ, թէ այսպիսով, Լացիոն կը դառնայ Իտալիոյ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 136-րդ տարածքային ինքնակառավարման խորհուրդը:
«Հայ ազգի կողքին ըլլալը մեր պարտքն է, պատմութիւնը ճանաչելի դարձնելը` պարտաւորութիւն, որ պէտք է փոխանցել յատկապէս նոր սերունդներուն, որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւնները այլեւս երբեք չկրկնուին», ըսած է Փիրոցցի:
Հռոմի հայ համայնքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Լացիոյի մարզային խորհուրդի բոլոր անդամներուն, որոնք այս արարքով վճռած են ըլլալ ճշմարտութեան կողքին: