«Ուսուցիչներու Օր»-ուան
Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, ուրբաթ, 14 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուսուցիչներու օր»-ուան շքեղ տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային վարժարաններու Ուսուցչական միութեան:
Սրահը լեցուն էր ուսուցիչներով եւ ծնողներով:
Բացման խօսքը ըրաւ Ուսուցչական միութեան վարչութեան ատենապետ, Ազգ. «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէն Երուանդ Տեմիրճեանը:
Նախ շնորհակալութեան սրտագին խօսք ուղղեց տօնակատարութիւնը հովանաւորող վեհափառ հօր, նախագահող առաջնորդ սրբազանին, օրուան դասախօս Բ. Փափազեանին, գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն, այն միութիւններուն եւ մարմիններուն, որոնք տօնակատարութեան շքեղութիւն տալու մտածումով ծաղկեկողով ուղարկած էին, կամ փոխան ծաղկեկողովի` դրամական նուիրատուութիւն ըրած էին, ինչպէս նաեւ` ներկաներուն:
Երրորդ տարին է, որ մեր գաղութին մէջ կը տօնակատարենք «Ուսուցիչներու օր»-ը: Լիբանանի ազգ. վարժարաններու Ուսուցչական միութեան գլխաւոր ճիգը եղած է, ընդգծեց Ե. Տեմիրճեան, ցարդ արժեւորել ինքզինք եւ մղել շրջապատը, որ գործնականօրէն զբաղի ուսուցիչով: Այս նպատակին ծնունդն է այս տօնակատարութիւնը: Կազմակերպեցինք յարգանքի այս մէկտեղումը, որ յարգելի մնալու արժանաւորութիւնը վառ պահենք:
Մեր տօնակատարութիւններուն եւ հանդէսներուն փայլը աւելցնող շնորհալի արտասանող Ծիա Կէօվճէլեանը խոր ապրումով եւ լաւագոյն մեկնաբանութեամբ ունկնդիրներուն ներկայացուց Մ. Իշխանի «Երգ շքերթի» քերթուածին ամբողջական իմաստը: Գնահատուեցաւ բուռն ծափերով:
Դասախօս տոքթ. Բ. Փափազեան ընդարձակ վերլուծումով ներկայացուց հայ ուսուցչին կոչումը: Ընդգծեց ուսուցչին տանելի պայմաններ ունենալու արդար պահանջները: Ուսուցիչը դասարանի հոգեպարար կամ հոգեմաշ մթնոլորտէն դուրս գալու ատեն պէտք է մտածէ միայն իր կոչումին մասին: Նշեց նաեւ ուսուցչանոցի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:
Տոքթ. Փափազեանի այս խորիմաստ դասախօսութիւնը ունկնդրուեցաւ լարուած ուշադրութեամբ: Արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:
Արդէն իսկ ուշագրաւ դարձած Համազգայինի «Կանաչեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ ծանօթ խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի, յաջողութեամբ խմբերգեց Կոմիտասի «Սարերի վրով գնաց»-ը, «Այ աղջիկ, անձրեւ եկաւ»-ը, մենակատար` Յասմիկ Յովսէփեան, Ալթունեանի «Երգ բամպակի»-ն, Մազմանեանի «Չախչի դռնով ես անցայ»-ն եւ, մանաւանդ, Կոմիտասի «Կալի երգ»-ը, մենակատար` Գրիգոր Ստամպուլեան: Իւրաքանչիւր խմբերգ գնահատուեցաւ խանդավառ ծափերով:
Փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը: Նախ վեհափառ հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց ուսուցիչներուն եւ ներկաներուն, յայտնեց, որ կամքէ անկախ պատճառներով ներկայ չեղաւ վեհափառը: Ապա, յանուն Ազգային իշխանութեանց եւ անձնապէս շնորհաւորեց ուսուցիչները:
Ապրումի պահեր եղան այս քանի մը ժամերը: Յարգելի դասախօսը մեր աչքերուն առջեւէն տողանցել տուաւ պատմութիւնը այն ուսուցիչներուն, որոնք թէեւ արդի պայմանները չունէին, սակայն հայոց փառաւոր ոգին փոխանցեցին իրենց սերունդներուն եւ սերունդէ սերունդ մեզի հասցուցին այս օրերուն: Օրհնեալ ըլլայ անոնց յիշատակը: Հայ ժողովուրդին գոյութիւնը պայմանաւորուած է հայ դպրոցով, հայ եկեղեցիով, հայ գիրով: Հայութեան գոյութիւնը մեզի համար պայքարի միջոց մը եղած է: Մեր ուսուցիչներուն մէջ կ՛ուզեմ տեսնել, կա՛յ արդէն Մեսրոպի եւ Մեսրոպներու ոգին: Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի եւ պիտի ապրի` շնորհիւ իր գիտակից տարրին, հա՛յ ուսուցչին: Կ՛օրհնեմ յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք իրենց մտքի, աչքի լոյսը սպառեցին:
Սրբազան հօր հայրենաշունչ խօսքերը արժանացան բուռն ծափերու:
Այս տօնակատարութեամբ, որ վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով, անգամ մը եւս մեծարանքի արժանացաւ հայ ուսուցիչը: Ստեղծուած հոգեպարար մթնոլորտէն ներկաները մեկնեցան խոր գոհունակութեամբ:
***
«Ուսուցիչներու օր»-ուան առիթով, կիրակի, 16 մարտ, Նոր Մարաշի Ս. Քառս. Մանկանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն` մահացած ուսուցիչներու յիշատակին:
Յակոբ Սոմունճեան, ծաղկավաճառ «Շիրազ», ծաղկեպսակ մը ուղարկած էր: Արարողութենէն ետք ուսուցիչներ, ծաղկեպսակը տարին կաթողիկոսարան եւ զետեղեցին երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի դամբարանին վրայ:
ՀՐԱԶԴԱՆ