Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, մեկնաբանելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արցախեան տագնապի լուծման բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան փորձերը, նշած է, թէ անոնք «անընդունելի» են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ փոխել բանակցային ձեւաչափը: Ատիկա անընդունելի է եւ տագնապի լուծման հոլովոյթի արգելակման փորձ», Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է ան:
Ալիեւ իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները «եւս դէմ կ՛արտայայտուին ձեւաչափի փոփոխութեան»:
«Բանակցութիւնները պէտք է արդիւնաւէտ, այլ ոչ թէ ըլլալու համար ըլլան», ըսած է Ալիեւ:
Անդրադառնալով սթաթիւս քոյին` Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ ատիկա «անընդունելի» է եւ որ սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: