Երեւան եւ Պաքու կը ճշդեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յառաջիկայ հանդիպումին թուականները: Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով: Այս մասին կը գրէ «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հանդիպումը նախապատրաստութեան փուլին մէջ է: (ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի) համանախագահները կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ: Այս պահուն կը ճշդուին ժամկէտները, որոնք պիտի յայտարարուին աւելի ուշ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Անոր համաձայն, միեւնոյն ժամանակ կը նախապատրաստուի հանդիպում երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Մամետեարով չէ բացառած, որ իր հայ գործընկերոջ հետ հանդիպումը կրնայ նախորդել բարձր մակարդակով հանդիպումին:
«Ամէն բան հաւանական է: Ես նախապէս չեմ ուզեր ըսել, չեմ ուզեր իրարանցում ստեղծել», ըսած է Մամետեարով: