Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը, որուն մաս կազմեցին արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատ եւ երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ժիհատ Սամատ, Ֆայսալ Քարամէ, Քասեմ Հաշեմ, Ուալիտ Սըքքարիէ եւ Ատնան Թրապուլսի, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին` կառավարութեան մէջ իրենց ապահովուած ներկայացուցչութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Ալէյի եւ Շուֆի վերաբերող բարգաւաճման ծրագիրներ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իրաքի եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան հեռանկարները: