Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրաքէն իր վերադարձին Թեհրանի Մեհրապատ օդակայան հասնելէ ետք յայտնեց. «Իրանցի եւ իրաքցի եղբայր ժողովուրդները իրարու կապուած են ամուր կապերով, եւ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ կրնայ անոնց միջեւ սեպ խրել»:
Ան նշեց, որ Իրաք իր այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած են բանակցութիւններ եւ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացած են առեւտրական հարցերու մէջ, ինչպէս կարգ մը ապրանքներու վրայ մաքսատուրքերու նուազեցում կամ ջնջում, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական միացեալ քաղաքներու հիմնադրում եւ առեւտրական արտօնագիրներու տրամադրման դիւրացում: Փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացած են նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ:
Երկու երկիրները բանակցած են դրամատնային հարցերու եւ փոխադարձ բազմաթիւ գործարքներու մէջ ազգային դրամանիշի օգտագործման շուրջ եւ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացուցած են անվտանգութեան ու շրջանային հարցերու շուրջ: «Շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ անոնց տեսակէտները իրարու մօտ են», նշեց Ռուհանի:
Միւս կողմէ, Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ երէկ յայտնեց, որ «Իրաք նախանձնախնդիր է Սէուտական Արաբիոյ հետ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութիւնը ամրապնդելու»` նշելով. «Իրաք կը ջանայ մերձեցնել շրջանի երկիրներուն տեսակէտները` այդտեղ կայունութիւն հաստատելու եւ ապարդիւն տագնապներէ հեռանալու համար»: