Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) իր աւարտին մօտեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Ռուսիա եւ Չինաստան ապահովեցին աշխարհի ախոյեանի կոչումը, յաջորդաբար տղոց եւ աղջկանց գծով:
8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, Ռուսիա 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Շուէտին եւ ունեցաւ 14 կէտ: 2-3-րդ դիրքերը բաժնող խումբերը` Անգլիա եւ Հնդկաստան, 3-ական կէտով ետ կը մնան ռուսերէն:
Նախապէս Ռուսիա աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 1997-ին, 2005-ին, 2010-ին եւ 2013-ին:
Հայաստանի հաւաքականը չմասնակցեցաւ տղոց ախոյեանութեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, իր կարգին, աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ` 8-րդ հանգրուանին, Չինաստան ապահովեց տիտղոսը, 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները եւ ապահովելով 16 կէտ: Ռուսիա կը գրաւէ երկրորդ դիրքը (13 կէտ), իսկ Ուքրանիա 12 կէտով կ՛եզրափակէ լաւագոյն եռեակը:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ երէկ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վրաստանի հետ (2-2), 4 կէտով միայն կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: