Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան մասնակցեցաւ Լեհաստանի դեսպանատան, լեհական «Լոթ» օդանաւային ընկերութեան, ինչպէս նաեւ «Սամանա» լիբանանեան ընկերութեան սարքած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին մեկնարկը յայտարարուեցաւ Պէյրութ-Վարշաւա ուղղակի թռիչքներու դրութեան:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան ողջունեց լեհական եւ լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւններուն միջեւ գործակցութեան մեկնարկը:
Ան հաստատեց, որ այդ քայլը կարեւոր է եւ անոր շնորհիւ է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը` գրեթէ բոլոր մարզերուն, յատկապէս` տնտեսական, զբօսաշրջական եւ մշակութային մարզերուն մէջ, պիտի ամրապնդուին:
Նախարար Կիտանեան յաջողութիւն մաղթեց այս գործընկերութեան, որ պիտի իրականացնէ երկու կողմերուն նպատակներն ու շահերը:
ՆՇԵՆՔ, որ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ կը նախատեսուի, որ 2019-ն ըլլայ ճոխ զբօսաշրջիկներու քանակով: «Ճոխութիւն մը, որ վերջին անգամ 2010-ին արձանագրուած է, երբ Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը հասած է 2 միլիոն 167 հազար եւ 989-ի, իսկ Լիբանանի համար զբօսաշրջութեան մարզէն ապահովուած է 8,3 միլիառ տոլար», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան զբօսաշրջիկներու թիւի բարձրացումին առումով իր ակնկալութիւնները հիմնաւորեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանան այցելող իր քաղաքացիներուն դիմաց արգելքը վերացնելու որոշումով` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային նոյնանման որոշում մը պիտի տրուի նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ: