ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Կ՛ըսեն` եթէ երազդ հետապնդես, անպայման անիկա իրականութիւն կը դառնայ: Սակայն կայ նաեւ երազի մէկ այլ տարբերակը, երբ երազը ի՛նք կը գտնէ քեզ եւ ձեւով մը իր իրական դառնալը կը պարտադրէ:
Այդպէս եղած է Րաֆֆի Չիլինկիրեանին հետ, որուն բազում երազներուն կարգին տուտուկին հետ «ընկերութիւն» հաստատելը գրեթէ գոյութիւն իսկ չունէր:
Սակայն անոր Դիմատետրի էջին վրայ հետաքրքրութիւն շարժող են տուտուկին հետ իսկական մտերմութիւն հաստատած եւ հայկական գեղեցիկ երաժշտութիւնը տարբեր վայրերու մէջ տարածելու ատեն նկարուած տեսերիզները, որոնց մէջ Րաֆֆի վերացական աշխարհ կը փոխադրուի եւ ունկնդիրը կը տանի իրեն հետ…
Մեր միջեւ ծանօթութեան-բարեկամութեան արմատները հին են, չեմ կրնար ճշդել թուականը, հաստատման առիթն ու ձեւը, սակայն գիտեմ, որ բարեկամներուս կարգին կայ զոյգ մը, որուն մէկ հատը Րաֆֆի Չիլինկիրեանն է, եւ պատահած է, որ զայն շփոթեմ իր երկուորեակ եղբօրը` Մանոյին հետ… Կը հանդիպինք յաճախ, սակայն` առանց ծրագրումի, պատահականութիւնը մեզ յաճախ իրարու քով կը բերէ, իսկ մենք միշտ ալ զրուցելու նիւթ կը գտնենք: Չծրագրուած մեր բարեկամութիւնը այդպէս ալ կը շարունակէ գոյատեւել` կրկին չծրագրուած, բայց միշտ մտերիմ ու անկեղծ:
Նման զուգադիպութեան ծնունդ մեր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին բարեւին յաջորդող հարցումս տուտուկին հետ իր կապն էր, սէրը, հետաքրքրութիւն այդ նուագարանին նկատմամբ:
– Ատիկա պատմութիւն ունի,- Րաֆֆիին պատասխանին ուղղակի յաջորդեց առաջարկս.
– Եկուր` պատմէ՛, մեր ընթերցողներն ալ մասնակից դարձնենք փորձառութեանդ:
Այդպէս ալ եղաւ, Րաֆֆին, որուն բնորոշ են բարի ու մեղմ մնայուն ժպիտը, ազնիւ մօտեցումն ու յարգալից վերաբերումը, սկսաւ պատմել տուտուկին հետ իր բարեկամութեան մասին:
«Հետաքրքրականը այն է, որ կեանքիս մէջ ոչ մէկ նուագարան նուագած եմ, փոքր տարիքիս չեմ հետեւած երաժշտական որեւէ ճիւղի դասընթացքի, փորձառութիւն ունենալու ոչ մէկ առիթ ունեցած եմ: 8 տարեկանիս հայրս կիթառ մը նուիրեց մեզի, բայց մէկ կողմ մնաց, ո՛չ նուագեցի, ո՛չ ալ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցի անոր նկատմամբ:
Խորքին մէջ ես ալ զարմացայ, երբ տուտուկին հետ այս անակնկալ, բայց հետաքրքրական կապս հաստատուեցաւ:
«Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գործող երիտասարդական միաւորումին հետ, որուն մաս կը կազմեմ, կը պատրաստուէինք տարեկան ճաշկերոյթ կազմակերպել: Այդ առիթով ունեցած մեր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին ներկաներէն մէկուն առաջարկեցի թամատայի պարտականութիւնը կատարել. անոր պատասխանը իր մէջ ունէր նաեւ մարտահրաւէր` ինք կ՛ընդառաջէր իմ առաջարկիս, պայմանաւ որ ես ալ տուտուկ նուագէի: Տակաւին երեք ամիս կար ճաշկերոյթին, համաձայնեցայ երկու երգ նուագել: Հայաստանէն` Վերնիսաժէն հետս տուտուկ բերած էի, առի զայն եւ գացի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Յակոբ Քելուքեանին մօտ, որուն բացատրեցի կացութիւնը` խնդրելով, որ ինծի գոնէ երկու երգ սորվեցնէ: Զարմացաւ, խնդրեց, որ տանիմ ունեցած տուտուկս. պարզուեցաւ, որ անիկա միայն իբրեւ զարդ կարելի է օգտագործել, նուագելու համար անորակ է: Մարտահրաւէրը ուղղուած էր ինծի, պէտք էր անպայման կատարէի, ուստի իր յանձնարարութեամբ գնեցի նոր տուտուկ մը, նուագելիք երգերս ալ որոշած էի` «Երազ»-ը եւ «Ով դու գեղեցիկ»-ը, երկու անգամ ալ գացի քովը, որպէսզի սորվեցնէ»:
Րաֆֆի Չիլինկիրեանի փայլող աչքերուն մէջ նկատելի է յաղթանակ տարածի ուրախութիւնը: Ժամանակը նեղ էր, սակայն ձեռնոցը վերցուցած էր, ուրեմն շարունակած է փորձեր ընել, թէեւ` ոչ պահանջուածին չափ, բայց եւ այնպէս իր ճշդած երկու կտորները լաւապէս սորված է: «Երեք ամիս ետք բարձրացայ բեմ, պատմեցի տուտուկ նուագելու պատմութիւնս, ապա նուագեցի:
Երբ նուագեցի, շատեր նոյնիսկ չհաւատացին, որ երեք ամիսէ միայն ծանօթացած եմ տուտուկին եւ սկսած եմ նուագել: Ճաշկերոյթը եղաւ, նուագեցի, սակայն անկէ ետք չուզեցի մէկդի դնել տուտուկը, ուզեցի շարունակել, սկսայ յաճախել Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց, ուր արդէն երեք տարիէ ի վեր կը հետեւիմ տուտուկի դասընթացքի` Յակոբ Քելուքեանին հետ»:
Րաֆֆիին ու տուտուկին պատմութիւնը ակամայ սկսած, կամաւորաբար շարունակուած է, այդ ալ սիրով, մանաւանդ որ անոր հրաւէրներ սկսած են ուղղուիլ տարբեր կազմակերպութիւններու ու անհատներու կողմէ, ինչ որ նոր աշխարհ բացած է անոր դիմաց: «Դիմատետրի վրայ ունիմ էջս (https://www.facebook.com/Raffi.Duduk.Chilingirian/), հոն կը տեղադրեմ տեսերիզներ` թէ՛ ինծի համար եւ թէ՛ իբրեւ քաջալերանք, ըսելու, որ մէկը բարձրագոյն աստիճանի արհեստավարժ ըլլալու չէ երաժշտութեան հետ կապ հաստատելու համար: Կը տեղադրեմ ինծի համար, բարեկամներուս համար, կ’ուզեմ ծանօթացնել տուտուկը օտարներուն, որովհետեւ շատեր կը զմայլին տուտուկին ձայնով, կը հմայուին, նոյնիսկ կ՛ազդուին: Երբ տուտուկի նուագիս ձգած այս ազդեցութեան մասին նման արտայայտութիւններ կը լսեմ, նաեւ` օտարներէն, աւելի կը քաջալերուիմ, կը զգամ, որ կայ աղուոր բան մը, զոր պէտք է զարգացնեմ, ասիկա ինծի համար ալ անակնկալ էր իսկապէս, նախքան ուրիշը զարմացնելը, ես զիս զարմացուցի: Արձագանգները մտածել կու տան, որ կայ իւրայատուկ բան մը, մանաւանդ որ տուտուկ նուագելը դժուար է, շունչի կը կարօտի, հին համակարգով բանող նուագարան է, ամբողջ փորէդ եւ թոքերէդ շունչ պէտք է առնես, երաժշտական ականջ պէտք է ունենաս նուագելու համար, որովհետեւ, օրինակ, դաշնակին պէս չէ, որ երբ տօ սեղմես տօ ձայնը տայ: Տուտուկը շատ փափկասուն, զգայուն եւ դիւրաբեկ գործիք մըն է, մանաւանդ` եղէգը: Տուտուկին հետ ստեղծուած կապէս ետք պրպտումներ կատարեցի, կարդացի անոր մասին, որպէսզի լաւապէս գիտնամ, թէ ձեռքիս մէջ եղած նուագարանը ի՛նչ իւրայատկութիւններ ունի: Ըսեմ նաեւ, որ համացանցի վրայ շատ քիչ տեղեկութիւններ կան, ուստի չես կրնար տուտուկ նուագել սորվիլ, եթէ ուսուցիչ չունենաս», կ՛ըսէ ան:
«Սկսայ անակնկալ հրաւէրներ ստանալ, մինչեւ` հեռաւոր Թրիփոլիէն, ուր Մինա շրջանին մէջ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպող կեդրոն մը կար, ուր նոյնիսկ պատուեգին տուին ինծի: Անկէ ետք Ժիւլի Մըրատի գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» հանդիսասրահին մէջ, ուր ասմունքներուն տուտուկով ընկերակցեցայ: Նուագեցի նաեւ «Պատկեր» եւ «Նուռ» ճաշարաններուն մէջ. կար համագումար մը, որուն ընթացքին խնդրեցին, որ նուագեմ: Տուտուկով ելոյթ ունեցայ նաեւ ԶՈՄ-ականներուն կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութեան մը ընթացքին: Այս բոլորը իսկական գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն են ինծի համար»:
Տուտուկը լսողը չի կրնար անտարբեր մնալ այդ գործիքին եւ անոր ունեցած ազդեցութեան նկատմամբ. «Միշտ հետաքրքրական է մարդոց հակազդեցութիւնը, յատկապէս` օտարներունը, որոնք նուագելէս ետք կը մօտենան եւ կը խոստովանին, որ մեծապէս ազդուած են տուտուկին ձայնէն: Խորքին մէջ այդ է, որ զիս աւելի գրաւեց, որովհետեւ տուտուկ նուագելը պարզապէս թեքնիք չէ ինծի համար, այլ այն հզօր ազդեցութիւնն է, որ այդ գործիքը կ՛ունենայ մարդոց վրայ` անոնց հոգիին խորերը թափանցելով: Ատոր համար ալ իմ եւ տուտուկիս միջեւ կապը մարդկային բնոյթ կը կրէ, կը սիրեմ անոր ունեցած ազդեցութիւնը, հոգիին հետ կապը:
«Օտարներ եկան նոյնիսկ հարցուցին, թէ ձայնասկաւառակ մը ունի՞մ, զոր կրնան գնել: Ատիկա նաեւ մտածել տուաւ, որ փափաք կայ ունենալու ձայնասկաւառակ մը, ուր տուտուկի նուագ ամփոփուած ըլլայ», կը նշէ ան:
Այս բոլորէն ետք, հակազդելով այն դիտարկումին, թէ շատ լաւ է ուրեմն, որ նման մարտահրաւէր ուղղուած էր իրեն, ան կ՛ըսէ. «Այո՛, այդպէս է, տուտուկ նուագելու ո՛չ ծրագիր, ո՛չ ալ փորձառութիւն ունէի, անսպասելիօրէն եղաւ, եւ ուրախ եմ, որ եղաւ: Հետաքրքրական դուռ մըն էր, որմէ ներս մտնել չէի նախատեսած: Հետաքրքրական շատ պատմութիւններ կան տուտուկին կապուած, ես անձնապէս չեմ կրցած հասկնալ տուտուկին զօրութիւնն ու ազդեցութիւնը ունկնդիրին վրայ, ես ալ պրպտումի մէջ եմ, որպէսզի կարենամ գիտնալ անոր` մարդկային առումով ներթափանցման կարողութեան մասին»:
Րաֆֆի Չիլինկիրեանը ընդհանրապէս կը խօսի ուրիշներուն վրայ տուտուկին ունեցած ազդեցութեան մասին, սակայն հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինք ի՛նչ կը զգայ, երբ կը նուագէ, իր ներաշխարհին մէջ ի՛նչ փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին, մանաւանդ որ այս աշխարհէն բաւական հեռու էր, իսկ միշտ կ՛ըսուի, որ երաժշտական աշխարհը տարբեր է, մարդը կը փոխադրէ այլ տարածք, յատկապէս նաեւ նուագողը, մանաւանդ որ մանկութենէն չունէր այդ վարժութիւնը, այսինքն այնպէս չէ, որ երբ հասուն դարձաւ, արդէն կար կապ Րաֆֆիին եւ տուտուկին միջեւ, այլ հասուն տարիքին, երբ գիտակից էր արդէն, մտաւ այս աշխարհը:
«Երբ տուտուկը կը նուագեմ, կարծես ուրիշ աշխարհի, մթնոլորտի մէջ կ՛ըլլամ, կը նայիմ, բայց չեմ տեսներ դիմացս, երաժշտական ալիքներուն վրայ կը բարձրանամ կարծես եւ կը նոյնանամ երաժշտական ձայներուն հետ, գործի հեւքէն, առօրեայ մտատանջութիւններէն ամբողջովին կ՛անջատուիս, ուրիշ մակարդակի կը բարձրանաս, կը պարզանաս, կը մտնես տեղ մը, ուր ամէն ինչ հանգիստ է, հանդարտ է, բիւրեղ է, պարզ է, չեմ գիտեր` արդեօք հինէ՞ն եկած բան մըն է ատիկա:
«Տուտուկը շատ փոքր նուագարան է, բայց ազդեցութիւնը շատ մեծ է. ասիկա մտածել կու տայ, որ թեքնիք իմաստով կրնաս շատ մեծ վարպետութիւն ունենալ, բացառիկ կերպով նուագել, սակայն կայ միւս բաժինը, թէ որքա՛ն ազդեցութիւն կ՛ունենաս ունկնդիրին վրայ, որքան մեծ ու խոր: Օրինակ, «Երազ»-ը հին, շատ պարզ, մեր գիւղական երգերէն կու գայ մեզի, բայց այդքա՛ն ազդեցիկ է. կը յիշեմ` Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ աշխատող կին մը կար, մեզ իր տունը հրաւիրեց, ես ալ տուտուկը տարի: Շատ սիրեց, նուագեցի «Երազ»-ը, շատ ազդուեցան: Նախ իմ ներաշխարհիս վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, ապա` դիմացինիս:
«Մէկը օր մը ինծի ըսաւ, որ մեծ երաժիշտ մը ըսած է, թէ միայն մաքուր հոգի ունեցող մը կրնայ տուտուկին հոգին ցոլացնել: Այս կը նշանակէ, որ նուագողը պէտք է այնպէս մը նուագէ, որ այդ հոգին միւսին վրայ ազդէ եւ եղանակին մէջ թաքնուած խօսքը, տրամադրութիւնը հասցնէ լսողին: Ասիկա իսկապէս մեծ պարտաւորութեան տակ կը դնէ նուագողը, մանաւանդ որ տուտուկին մասին կատարած պրպտումներէս տեղեկացայ, թէ նկատի ունենալով, որ տուտուկը փչողական գործիք է, ուրեմն` շնչառութեան հետ կապ ունի, քու մէջէդ դուրս եկած շունչն է, որ երաժշտական գործիքին մէջ կը մտնէ եւ եղանակ կ՛արտաբերէ, ուստի հոգիիդ արտացոլացումը կրնայ ըլլալ ձեւով մը, որովհետեւ ձեւով մը էութենէդ դուրս կու գայ: Ի զուր չէ, որ կ՛ըսեն, թէ տուտուկահարին հոգին կրնաս գիտնալ անոր նուագած ձեւէն:
«Այս բոլորին կողքին, իմ վրաս ալ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ տուտուկը, յաճախ կ՛առանձնանամ ու կը նուագեմ, եթէ խօսքով չկարենամ արտայայտուիլ, ասիկա արտայայտութեան, ներաշխարհիս հետ զրուցելու լաւագոյն ձեւն է: Տրամադրութեանս համաձայն եղանակներ կ՛արտաբերուին տուտուկէն, ինքնաբերաբար տուեալ երաժշտութիւնը կ՛ընտրուի: Տուտուկը մեկուսանալու, հեւքոտ առօրեայէն լրիւ անջատուելու եւ տարբեր` բիւրեղ, հանգիստ ու խաղաղ աշխարհ մը մուտք գործելու բացառիկ առիթ կու տայ», կը հաստատէ Րաֆֆի Չիլինկիրեանը:
Ան հաստատակամ է շարունակելու տուտուկին հետ իր բարեկամութիւնը` զայն աւելի մասնագիտական մակարդակի բարձրացնելու մնայուն ճիգով, մանաւանդ եթէ կարելիութիւնները ստեղծուին: Ըստ անոր, տուտուկին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունին նաեւ օտար երաժիշտներ: «Շատեր տուտուկին ծանօթ են ժապաւէններու ճամբով` «Կլատիէյթըրզ», «Լասթ թամփթէյշըն աֆ Քրայսթ», «Նարնիա» եւ շատ ուրիշներ: Հետաքրքրական է, որ այլ գործիքներու հետ, խումբերու մէջ եւս տուտուկը յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ, անոր ձայնը ձեւով մը կ՛անջատուի միւսներէն, թաւշեայ զգացողութիւն մը ունի: Լիբանանցի նշանաւոր երգչուհի Ժիւլիա Պութրոսի ելոյթներուն եւս տուտուկը առանձին կը հնչէ` մեծ ազդեցութիւն ձգելով բոլորին վրայ: Ապիր Նաամէն եւս իրեն հետ ունի տուտուկահար մը, կարգ մը արաբական երգեր, յատկապէս` Ֆէյրուզին երգերը, լաւապէս կը յարմարին տուտուկին, ամէն երգ չի յարմարիր, բնականաբար: Շատ կը փափաքէի, որ Լիբանանի պետական նուագախումբին մէջ եւս ներառուէր տուտուկահար, մը եւ տուտուկին յատուկ ուշադրութիւն դարձուէր, թերեւս ճշդուէին ելոյթներ, որոնց ընթացքին նուագախումբը ընկերակցի տուտուկին: Երազս է ատիկա իրականացած տեսնել, որպէսզի լիբանանցիները եւս ծանօթանան տուտուկին, գիտնան, որ հայերն են, որ զայն հասցուցած են միջազգային մակարդակի»:
Րաֆֆի Չիլինկիրեանը իր այս ուղին սկսաւ երկու երգ նուագելով միայն, իսկ այսօր իր ձգտումն է հարստացնել իր երգացանկը, աւելի մտերմանալ այդ զգայուն եւ խորհրդաւոր նուագարանին` յայտարարելով, որ մարդուն ձգտումը տարիք ու սահման չի ճանչնար: «Երիտասարդներուն եւ երէցներուն կ՛ըսեմ, որ իմ փորձառութենէս մեկնած` խանդավառուեցան նաեւ բարեկամներս, ընկերներս: Եթէ մէկը Աստուծմէ տրուած շնորհը, տաղանդը ունի, ուրեմն երբեք ուշ չէ, մանաւանդ եթէ կամքն ու պատրաստակամութիւնը կայ, աշխատանքով կարելի է թեքնիքին տիրապետել: Ասիկա կը յաջողի, յատկապէս երբ անձ մը նախ ինքնիրեն համար կ՛ուզէ նուագել, իր անձին գոհացում տալու համար, ապա` ուրիշներուն: Փոքր քայլերով անպայման պէտք է սկսիլ, գտնել առիթն ու ժամանակը, պատճառաբանութիւններ չփնտռել, կամքով եւ հետեւողականութեամբ ամէն բան կարելի է»:
Իր այս խօսքերուն փաստը տուած Րաֆֆի Չիլինկիրեանը այս քայլով նոր աշխարհ մը մուտք գործած է, աշխարհ մը, որ գեղեցիկ է ու վերացական, իսկ իր գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը արդէն կը փայլին աչքերուն մէջ: