Խմբագրական
Արամ Մանուկեան
(Մահուան Յիսնամեակին Առիթով)
Իր յուշերուն մէջ մեր յեղափոխութեան հոմերոսը` Ռուբէն էջեր ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մասին, որուն մահուան յիսնամեակն է այս տարի, ինչպէս ըսած էինք Հայկակ Կոսոյեանի յօդուածին առիթով:
Խօսելով Արամի մասին` Ռուբէն կ՛ըսէ.
«Սէրգէյին (Արամի նախկին անունը) նայելով` կը հասկնայի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ` «Հաւատք քո կեցուցանէ զքեզ»: Կը հասկնայի, թէ որքա՜ն թոյլ եւ խախուտ է բանականութիւնը` հաւատքին առջեւ…»:
Խորաթափանց մտքի մարդ` Ռուբէն քանի մը տողով տուած է Արամի պատկերը, որ հաւատքի հրաշազան զօրութեամբ կը ներկայանայ մեզի: Առանց այդ հաւատքին, որ պայքարի ջիղ եւ ներքին ուժականութիւն կու տայ ղեկավարին ու անոր ետեւէն գալող բազմութիւնները կը նետէ ռազմի դաշտ, անկարելի է բացատրել կարգ մը երեւոյթներ, որոնցմով այնքան հարուստ է հայոց պատմութիւն կոչուող արիւնի եւ հուրի մատեանը:
Դէպքերը նկարագիրներ կը կերտեն, ու դէմքերը այդ նկարագրով ուղղութիւն կու տան դէպքերուն: Այս պարագային մէկը կարելի չէ զանազանել միւսէն եւ ճշդել ազդեցութեան սահմանները: Մենք սակայն, երբ Հայաստանի անկախութեան հրաշակերտումէն յիսուն տարի ետք կը փորձենք դէպքերու հոլովոյթը պատկերացնել, չենք կրնար Արամի անհատականութեան դրոշմը չտեսնել պատմակշիռ այն իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք վեց հարիւր տարուան ստրկութենէ ետք անկախութեան արշալոյսը պիտի բանային հայ ժողովուրդին առջեւ:
Այդ անհատականութեան հիմնական գիծը, որ աննահանջ պայքարողի անխորտակ կամքով կը զինէր Արամը, իր ուժը կը ստանար այն խոր հաւատքէն, որ Վանի հերոսամարտին ղեկավարը ունէր իր ժողովուրդին անկապտելի իրաւունքներուն եւ վսեմ առաքելութեան հանդէպ:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան հազուագիւտ պահեր, երբ այդ ժողովուրդը պէտք ունի իր մէջ, թաքուն մնացած բոլոր ուժերուն դրսեւորումին` կարենալ տոկալու համար ճակատագրի հարուածներուն: Մանաւանդ գալիք տասնամեակներուն եւ դարերուն համար ճշդելու նոր ուղիներ` իր ազգային գոյատեւման համար: Այդ պահերը կը կարօտին բացառիկ մարդոց, բացառիկ անհատականութիւններու, որոնք իրենց մէջ ամբողջութեամբ խորացնեն եւ մարմնացնեն ժողովուրդի մը ապրելու կամքը:
Արամ այդ բացառիկ մարդը եղաւ, բացառիկ այդ դէմքը, որ ըմբռնեց վայրկեանին պահանջները, բարձրացաւ օրուան հրամայականներուն բարձրութեան եւ ոգի ու ուժ ներշնչեց տարահալած բազմութիւններուն` զանոնք վերածելու համար հայրենիքի փրկութեան, հայութեան գոյատեւման համար կռուիլ գիտցող, մեռնիլ գիտցող արի արանց բանակի մը:
Այսօր, իր մահէն յիսուն տարի ետք, երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ անոր, որ երանութեամբ մը, ինչպէս կ՛ըսէ Ռուբէն` «առանց տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկումը, յաւիտենապէս բաժնուեցաւ այս աշխարհէն», եւ որ իր կրակոտ ճառերէն մէկուն մէջ, երբ կը խօսէր իր նահատակ ընկերներուն մասին, կ՛ըսէր.
«Սիրելի՛ք, լացը, սուգը նրանց համար չէ, որոնք նահատակուեցին եւ անմահութիւն վաստակեցին: Լացը, սուգը մեզի համար է, որ խօսում ենք նահատակութիւնից, բայց վախենում ենք վաստակել զայն…»:
Արամ եւ բոլոր անոնք, որոնք իր ունկնդիրներու շարքերուն մէջ էին այդ օր եւ հետագային մասնակցեցան մայիսեան կռիւներուն, նախանձելու պատճառ մը չունեցան Սասնոյ լեռներուն վրայ ինկած իրենց եղբայրներուն: «Վաստակեցին» նաեւ իրենք այդ նահատակութիւնը, եւ աւելի՛ն, թողուցին վաստակ մը, ամէնէն թանկագինը վաստակներուն` հայրենիքը, դարերով կորսուած, իր զաւակներուն հոգիին մէջ ապրող Հայաստանը, որ հրաշքի մը պէս վերագտնուեցաւ բախտաւոր օր մը:
Այս տարի յիսնամեակն է մեծ յեղափոխականին մահուան: Տարի մը ունինք ամբողջ` նոր սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձնելու համար Երեւանի դիկդատորը, որ վերուստ սահմանուած առաքելութեամբ մը, ճգնաժամային պահուն, վճռական վայրկեանին իր ժողովուրդին ղեկավարութեան կոչուեցաւ եւ կրցաւ այնքան կամք ու հաւատք դնել գործին մէջ, որ «բանականութիւնը շատ թոյլ եւ խախուտ» եղաւ իր ներսը բորբոքող այդ կրակին առջեւ:
Տարիները որքան անցնին, այնքա՛ն աւելի պիտի բիւրեղանայ պատկերը այս առասպելատիպ մարդուն, որ բախտորոշ օր մը գտնուեցաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր ուղեւորութեան քառուղին վրայ եւ յստակօրէն ցոյց տուաւ այն ճամբան, որ պիտի տանէր Հայաստանի անկախութեան:
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Ձեռնարկները
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ հայ ժողովուրդի լայն զանգուածներուն համակրանքը կը վայելէ` տարիներու իր հանրանուէր գործունէութեամբ, ունի 4000 անդամուհի, 315 արծուիկ եւ 25 մասնաճիւղ:
«Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկը, որուն համար յառաջիկայ կիրակի, 16 մարտ, հանգանակութիւն պիտի կատարուի, միայն մէկ երեսն է կանացի այս մեծ կազմակերպութեան գործունէութեան:
Արդարեւ, օգնութեան խաչը կ՛օգնէ 700 չքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակին` 45,000 լ. ոսկի վճարելով ազգային նախակրթարաններուն:
Շթորայի Կազդուրման կայանին համար, ուր կ՛ընդունուին 315 տկարակազմ փոքրիկներ, կը ծախսուի 10.350 լ. ոսկի, Բուժարանի մէջ կը պահէ 10 անկողին, կ՛օժանդակէ հայ ծերերու եւ կոյրերու զուիցերիական հաստատութեանց, չքաւոր ընտանիքներու, անկար եւ անտէր ծերունիներու եւ այլն:
Ահաւասիկ գործեր, որոնք Օգնութեան խաչը դարձուցած են կենսական կազմակերպութիւն մը մեր իրականութեան մէջ: