Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները անցեալ տարի Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք փափաք յայտնած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ պետութեան տրամադրելիք արտաքին օժանդակութեանց հարցերը քննող Ներկայացուցիչներու տան մէջ, 11 մարտին տեղի ունեցած քննարկման մը ընթացքին շեշտը դրին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց յաւելեալ օժանդակութիւններ յատկացնելու կարեւորութեան վրայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներուն ներկայացուցած առաջարկները` զանոնք յառաջիկայ տարուան պետական ամավարկին մէջ Արցախին եւ Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեանց քննարկումին համար օգտակար մեկնարկ մը նկատելով` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական համագործակցութիւնը պէտք է աւելի բարձր մակարդակի հասցնել:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Փալոն գլխաւորաբար շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020-ի ամավարկին մէջ պէտք է նկատի առնել հետեւեալները.
– Հայաստանին տրամադրել տնտեսական յատկանշական աջակցութիւն` զօրակցելու համար անոր տնտեսական աճին:
– Զինուորական օժանդակութիւն Հայաստանին` նպաստելու համար խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն, ներառեալ` քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի խաղաղարար առաջարկներուն:
– Աջակցութիւն` Միջին Արեւելքէն Հայաստան հաստատուած գաղթականներուն նեցուկ կանգնելու նախաձեռնութեանց:
– Զօրակցութիւն` Արցախի մէջ ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն:
Քոնկրեսականներ Փալոն եւ Շիֆ կարեւոր նկատեցին Հայաստանի մէջ մամլոյ ազատութեան, արդարադատութեան անկախութեան եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարին շարունակականութիւնը ապահովելու ջանքերուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելը` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ պէտք է կասեցնել Ազրպէյճանի համար նախատեսուած զինուորական աջակցութեանց յանձնումը, այնքան ատեն որ Պաքու չի դադրեցներ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումները եւ անոնց հասցէին սպառնալիքները:
Ամուր Աջակցութիւն Հայաստանին Եւ Արցախին, Զերօ Զինուորական Օգնութիւն` Ազրպէյճանին
Ամուր աջակցութիւն Հայաստանին ու Արցախին, զերօ զինուորական օգնութիւն` Ազրպէյճանին. այս խօսքերով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով տնօրէն Րաֆֆի Գարագաշեան ելոյթ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ:
Գարագաշեան յորդորած է 2020-ի ելեւմտական տարուան ընթացքին 30 միլիոն տոլարի չափով տնտեսական, 10 միլիոն տոլարի չափով զինուորական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին: Եւս 20 միլիոն տոլար` Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիացի եւ միջինարեւելեան այլ երկիրներէ գաղթականներու աջակցութեան համար:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով տնօրէնը նաեւ 6 միլիոն տոլար խնդրած է տրամադրել Արցախին` ականազերծման ու վերականգնողական ծառայութիւններու համար, 4 միլիոն տոլար ալ` խաղաղութեան աջակցութեան համար: