ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Ոսկան Պապուճեան եւ զաւակը` Խաչիկ
Տիար Սագօ Պապուճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաքոպ եւ Մարիա Թովմասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Սալբի Աճեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Սիւզի Փարլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճիկ եւ Մարօ Պալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անթուան եւ Սիլվա Պիլեմճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Վիքի Նորիկեան եւ զաւակունք
Եափուճեան եւ Թովմասեան ընտանիքներ
Աճեմեան եւ Փարլաքեան ընտանիքներ
Պալեան եւ Պիլեմճեան ընտանիքներ
Նորիկեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Հատիտեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՌԻԹԱ ՊԱՊՈՒՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱԼԵԱՆ, 1952-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէ՛ք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 17 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան
3.- ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:
—————————————
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ`
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Դպրեվանքի տեսչութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենան հսկումի արարողութիւններ:
Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր հաւատացեալները` մասնակցելու հսկումի հոգեյոյզ արարողութիւններուն եւ աղօթակցելու դպրեվանեցիներուն:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ այսօր` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Յընթացս արարողութեան պիտի պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
– Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից, 5-րդ յարկ:
– Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքեր, 4-րդ յարկ:
Դիմել` հեռ. 03-557007:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Տրդատ Խաչատուրեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Մուրատեան ընտանիք 50$, տիար Ֆատի Ուաքիմ 50.000 լ. ո., տիար Խաչիկ Աբրահամեան 50.000 լ. ո., տիկին Վիքթորիա Օհանեան 30.000 լ. ո., տիար Լորիս Հապիպ եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տիար Խաչիկ Ալաճըճեան 25.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Րաֆֆի Տեմիրճեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալլա Տեմիրճեան 20.000 լ. ո., տիար Ռոյ Քաատէ 20.000 լ. ո., տիար Սիմոն Օհանեան 20.000 լ. ո., Պապէեան ընտանիք 20.000 լ. ո., Լուսի Շիշոյեան 20.000 լ. ո., տիար Կարօ Պոսնոյեան 10.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Անդօ Գույումճեան 10.000 լ. ո.:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
23 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019