Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-սէուտական գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
Հարիրի Սալման թագաւորին հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ նախարարներէն Մոհամետ Իպան, արտաքին գործոց նախարարի օգնական Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Ասսաֆ, թագաւորական պալատի խորհրդատու Նիզար Օլուլա, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ պըն Ապտալլա Պուխարի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարա: