Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սիւննի խորհրդակցական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատը, Ժիհատ Սամատը, Ատնան Թրապուլսին, Ուալիտ Սըքքարիէն եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մըրատ շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նշանակումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ յարմար անձը յարմար պաշտօնին համար նշանակելու եւ ատակութիւնը նկատի ունենալու չափանիշին կարեւորութիւնը:
Արծարծուեցաւ նաեւ ընտրական օրէնքին մասին քննարկումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` զգուշացնելով, որ այդ քննարկումները պէտք չէ վերջին երկու երեք ամիսներուն ընթացքին կատարել, այլ` անոնց սկսիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածել:
Մըրատ նշեց նաեւ, որ քննարկած են նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր:
Պըրրի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանը եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որոնց հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր` ընդգծելով փտածութեան դէմ պայքարին առումով վճռակամ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ երեսփոխան Ալպեր Մանսուր: