Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ Պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, այս անգամ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Խըրխըզիստանը` 11-2 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, թէեւ տակաւին մրցում մը ունի կատարելիք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ: