ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան ստորագրեցին ընտրական խորհուրդները նախապատրաստական աշխատանքի հրաւիրող հրամանագիրը, որուն հիման վրայ 14 ապրիլ 2019-ին Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենան մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ուժանիւթի նախարար Հալա Զաուաթի հաստատեց, որ Յորդանան կրնայ Լիբանանին ելեկտրական հոսանք մատակարարել:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն արդէն իսկ գործադրուած է եւ փոխանցուած կառավարութեան:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի, թէ Իրաք այցելութիւնը պիտի արդիւնաւորուի լիբանանեան հաստատութիւններու հետ Իրաքի գործակցութեան նոր հորիզոններու առիթ տալով:
ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ երկրին համար մեծագոյն հարսանիքը պիտի ըլլայ, երբ փտածները արգելափակուին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ փտածները ՏԱՀԵՇ-ի նման են, իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր մատը վէրքին վրայ դրած է` փտածութեան դիմադրելու առումով ազգային պայքար յայտարարելով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ կան պետական կարգ մը վարչութիւններ, որոնք փտածութենէն զերծ են, եւ կարելի չէ ընդհանրացում կատարել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` դիմադրելու համար փտածութեան:
ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ երեսփոխանական համախմբումը դրուատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ փտածութեան դէմ ազգային Դիմադրութեան յայտարարութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեան, անկարելի պիտի ըլլար պետութեան հաշիւները ստուգել եւ կարգաւորել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ փտածութիւնը իր հակակշիռին տակ առնէ լիբանանեան պետութիւնը, որ պէտք է ինքզինք փաստէ եւ փտածութեան դէմ պայքարի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ փտածութեան թղթածրարներուն լուծումն ու ամբողջացումը դատական իշխանութիւններուն իրաւունքն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Պուսթանի զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանցի կնոջ` իր իրաւունքները վերահաստատելու առումով անոր մղած պայքարին մէջ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ առանց ելեկտրականութիւն ապահովելու չենք կրնար արդիւնաբեր կառավարութիւն մը ունենալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ ներկայ օրէնքի շրջագիծին մէջ կարելի չէ որեւէ նախագահ կամ նախարար դատավարութեան ենթարկել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ փտածութիւնը հետեւանք է համայնքային վարչակարգին` հաստատելով, որ ներկայ վարչակարգը չ՛արտօներ, որ իսկական բարեկարգում կատարուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ պէտք է նախարարական շտապ յանձնախումբ մը կազմել` լուծելու համար ելեկտրականութեան հարցը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ վերահաստատեց, որ իրենք զօրակից կը մնան Դիմադրութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ողջունեց բոլոր կիները, որոնք Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն կը յառաջացնեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ներկայիս բարեկարգումը կարելի է` հաստատելով, որ ուշ կամ կանուխ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ այն օրուան, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնք գոյութիւն չունենայ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ զօրակցութիւն յայտնեց կիներուն` իրենց իրաւունքներուն տիրանալու եւ ընկերային արդարութիւն հաստատելու իրենց պայքարին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց սուրիացի մը` Մ. Զ., որ ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան անդամ է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը ներկայանայ փտածութեան դէմ պայքարողի կարգավիճակին մէջ, որովհետեւ անոր նպատակն է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն ուշադրութիւնը շեղել: Ան շեշտեց, որ 11 միլիառ տոլարը յատկացուած է լիբանանեան պետութեան կարիքներուն:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ շեշտեց, որ իրենց համար մերժելի է Լիբանանի այն համոզումը, թէ Հըզպալլայի հետ բախումներէն պէտք է խուսափիլ` պահպանելու համար ներքին ապահովական կայունութիւնը:
«ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ռուսիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը նախընտրէ, որ փտածութեան դէմ պայքարը մղուի զուտ դատական ուղեգիծով: