Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան գծով որդեգրուած նոր օրէնքին մասին ՀՄԸՄ-ի կողմէ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսէն ետք, անցեալ շաբթուան ընթացքին կատարուեցան շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք վարկաբեկիչ էին ՀՄԸՄ-ի եւ անոր համակիրներուն համար, ինչպէս նաեւ ցեխարձակումի կ՛ենթարկէին Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Յակոբ Խաչերեանը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ հեռատեսիլի կայաններէն կամ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հնչած ու արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները, եւ կը հաստատէ, որ այս արտայայտութիւններն ու հրապարակային անվայել ելոյթները ՀՄԸՄ-ի տարիներու միութենական աւանդութեան եւ գործելաոճին անյարիր են:
Կը հաւատանք, որ հարցերը կարելի է լուծել երկխօսութեամբ եւ պատշաճ ձեւաչափերով, եւ ոչ թէ անյարմար ու վիրաւորական արտայայտութիւններով, որոնք ոչ մէկ ձեւով հարցերուն լուծման կ՛օժանդակեն:
Վարչութիւնս պատրաստ է ընդունուած ձեւերով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ճամբով, դիմել Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոնին` տեղեկանալու, թէ ի՛նչ են տուն տուող պատճառները այս անակնկալ որոշումին, որ կը զրկէ ՀՄԸՄ-ը յառաջիկային տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցելէ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
8 մարտ 2019