Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ մրցեցաւ Շանվիլի դէմ այս վերջինին դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ:
Բաւական կարեւորութիւն ունեցող այս մրցումին Շանվիլի համակիրները դաշտը լեցուցած էին ամբողջութեամբ` քաջալերելու համար իրենց կազմը, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն, որ երկու կազմերը կը մրցէին երթուդարձի մրցումները աւարտելու պարագլուխի դիրքին վրայ, ինչ որ կարեւոր էր ֆայնըլ-ֆոր-ի մրցումներուն եւ անկէ ետք, մինչեւ աւարտական հանգրուան:
Մրցումին ընթացքին հիւրընկալ կազմը շատ արագօրէն ձեռք առաւ մրցումին ղեկը եւ, մեծ ճնշում բանեցնելով ՀՄԸՄ-ին վրայ, առաջին քորթըրը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 25-14 արդիւնքով:
Հոս պէտք է նշել այն կարեւոր կէտը, որ Շանվիլի նորեկ Համետ Հատատի ունեցաւ բացառիկ ներկայացում մը եւ իր բարձր հասակին շնորհիւ յաջողեցաւ իշխել նաեւ ՀՄԸՄ-ին կողովին տակ:
Ան մրցումը աւարտեց բաւական լաւ ձեւով` իրագործելով տապըլ-տապըլով (25 կէտ,17 ռիպաունտ):
Անոր խմբակից Տուայն Ճեքսըն եւս իրագործեց նոյնը (20 կէտ,10 ռիպաունտ):
Մինչ Ֆետի Խաթիպ եւս ունեցաւ լաւ ներկայացում մը` նշանակելով 30 կէտ:
Առաջին քորթըրին հետ բաղդատելով, երկրորդին ՀՄԸՄ բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ մրցումին մթնոլորտին մէջ մտնելով ունեցաւ աւելի ներդաշնակ խաղարկութիւն մը, բայց առաջին կիսախաղը աւարտեց 8 կէտի ուշացումով մը (41-33):
Երրորդ քորթըրին եւս Շանվիլ իր հակակշիռին տակ առաւ մրցումին ղեկը (66-52):
Վերջին քորթըրը եղաւ նախորդ երեքէն շատ աւելի զօրաւոր եւ երկու կազմերն ալ ունեցան սքանչելի ներկայացում մը, բայց եւ այնպէս Շանվիլ ինք է, որ եղաւ մրցումին վերջնական յաղթականը` 96-80 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, Ուոլթըր Հոճ իր ունեցած գերբացառիկ խաղարկութեան շնորհիւ եղաւ մրցումին լաւագոյն սքորըրը` նշանակելով 34 կէտ. անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 21 կէտ, իսկ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 11 կէտ:
Հոս կարեւորութեամբ պէտք է նշել այն, որ Շանվիլ ռիպաունտներուն տիրապետեց (59, փոխան` 34-ի) եւ ատոր շնորհիւ արձանագրեց իր այս յաղթանակը:
Բայց եւ այնպէս երթուդարձի մրցումները ցարդ չեն աւարտած եւ որեւէ զօրաւոր նկատուող խումբ կրնայ ձախողութեան մատնուիլ կամ ընկրկում ունենալ: