Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մորիծիօ Սաւինի ծամոնի սիրահար մըն է: Սակայն ան չի սիրեր զանոնք ծամել, այլ ան ծամոններ կը գործածէ անասուններու կամ առարկաներու տարօրինակ արձաններ շինելու համար:
Հռոմի համալսարանին մէջ ճարտարապետութիւն ուսանելէ ետք այս իտալացի արուեստագէտը աշխատած է տարբեր երկիրներու մէջ եւ ապա վերադարձած է իր ծննդավայրը` մտքին մէջ ունենալով յատուկ ծրագիր մը` արձաններ շինել… վարդագոյն ծամոնով:
Ծամոնը շատ ճկելի նիւթ մըն է, սակայն ան շատ հաստատուն չէ. ան կը կակուղնայ տաքութեան ազդեցութեան տակ: Անոր առաջին ստեղծագործութիւնները փճացան քանի մը ամիսէն, եւ յաճախորդները բնաւ ուրախ չէին:
Սակայն Մորիծիօ վերջապէս գտաւ լուծում մը: Ան ծամոնները թուղթերէն կը հանէ, զանոնք կը տաքցնէ կակուղցնելու համար եւ, վերջապէս, զանոնք կը դնէ գաճէ կաղապարներու մէջ: Ապա ան իր տարբեր տեսակի արձաններուն վրայ կը քսէ յատուկ նիւթ մը, զոր ինք անձամբ կը պատրաստէ: Գիտէի՞ր, թէ անոր ծամոնէ արձանները երբեմն կը կարօտին մինչեւ 3000 ծամոնի կտորներու:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ մանրէներու տեսակներուն 99 առ հարիւրը տակաւին չեն գտնուած:
– Փաթրիք անունով հաւ մը կրնայ դաշնակ նուագել` իր կտուցովը կոճակներուն զարնելով:
– Ճինզ տաբատներուն կապոյտ գոյնը հաւանաբար 6000 տարեկան է:
– Քանատայի Վանքուվըր կղզիին վրայ ապրող գայլի տեսակ մը կրնայ մինչեւ 12 քմ լողալ` իր որսին հետեւելու համար:
– Աներեւոյթ բանաստեղծութիւններ գրուած են Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգին Պոսթըն քաղաքի մայթերուն վրայ: Անոնք կը յայտնուին, երբ անոնց վրայ ջուր կը թափուի:
– Մեր ստամոքսին մէջ գտնուող մանրէները մեր ուղեղին լուր կու տան, թէ ե՛րբ մենք կը կշտանանք:
– Ամերիկացիները իրենց կեանքին ընթացքին կ՛ուտեն փիցցայի աւելի քան 6000 կտոր:
– Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանին քիթը մօտաւորապէս 1,5 մեթր երկարութիւն ունի։
Հաշուենք
Մէկ Միլիոն Ամերիկեան Մէկ Տոլարնոց
Թղթադրամները
Կը Կշռեն Մօտաւորապէս… 900 Քիլօ
Ամերիկեան մէկ տոլարնոց թղթադրամը ունի 15,5 սմ երկարութիւն եւ 6,6 սմ լայնք, իսկ անոր հաստութիւնը 0,01 սմ է:
Ամերիկայի մէջ տպուած թղթադրամներուն աւելի քան 40 առ հարիւրը մէկ տոլարնոց թղթադրամն է:
Իւրաքանչիւր թղթադրամ կը կշռէ մօտաւորապէս 8,5 կրամ, հետեւաբար իրարու վրայ շարուած մէկ միլիոն 1 տոլարնոց թղթադրամներու տրցակը պիտի կշռէ մօտաւորապէս 925 քիլօ եւ ունենայ 103 մեթր բարձրութիւն:
Եւ որովհետեւ 100 տոլարնոց թղթադրամը ունի 1 տոլար թղթադրամի նոյն չափերը եւ ծանրութիւնը, հետեւաբար մէկ միլիոն արժող 100 տոլարնոց թղթադրամներու տրցակը պիտի կշռէ 9.25 քիլօ:
Կար Ու Չկար,
Ծամոն Մը Կար…
Մարդիկ երկար ժամանակ ծամած են կարգ մը ծառերու աւիշը: Մեքսիքայի Եուքաթան շրջանի հսկայական անտառներուն մէջ մայաները կը ծամէին պտուղի մը չիքըլ կոչուած աւիշը: Այս կաթի նման թանձր չիքըլը անոնց կարելիութիւնը կու տար իրենց ստամոքսը խաբելու, ինչպէս նաեւ` ակռաները մաքրելու:
***
Մեքսիքացի զօրավար Անթոնիօ Լոփէզ տը Սանթա Աննա, որ նաեւ կը սիրէր չիքըլ ծամել, 1869-ին կը վտարուի իր երկրէն յեղափոխութեան պատճառով: Ան կը հասնի Նիւ Եորք` իր պայուսակներուն մէջ փոխադրելով 250 քիլօ չիքըլ. ան կ՛ուզէ հարստանալ` առաջարկելով ձգախէժը չիքըլով փոխարինել: Սակայն ան չի յաջողիր եւ կը ստիպուի վերադառնալ Մեքսիքա: Ան իր այդ ապրանքը կը ձգէ իր քարտուղարին` Թոմաս Ատամսին քով: Կ՛ըսեն, որ տեսնելով դեղարանէն ծամուելիք պոնպոն գնող աղջնակ մը, ան կը յղանայ չիքըլը ծամոնի վերածելու գաղափարը:
Համը բարելաւելու բազմաթիւ փորձերէ եւ գիւտը արձանագրելէ ետք, գործատէր Ուիլիըմ Վրիկլի Ճիւնիոր մեծ ծանուցումներու միջոցով ծամոնը շուկայ կ՛իջնէ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, 20-րդ դարու սկիզբը, ձրիօրէն բաժնելով նմուշներ: Ծամոնը շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:
***
Ծամոնը Հին ցամաքամաս կը հասնի Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, ամերիկացի զինուորներուն միջոցով: Ամերիկեան Կարմիր խաչը 1918-ին 4,5 միլիոն ծամոն կը ղրկէ Ֆրանսայի մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն համար: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ մարդիկ կը թափին ծամոններուն վրայ եւ ապսպրանքները կը բազմապատկուին: Շատ շուտ եւրոպական ընկերութիւններ ալ կը սկսին ծամոնի արտադրութեան: Ծամոնի պատրաստութեան մէջ այլեւս չիքըլ չի գործածուիր, այլ` ուտուելիք արուեստական ձգախէժ, որուն վրայ կ՛աւելցուին համեր, շաքար եւ տարբեր տեսակի ուտուելիք ներկեր:
Ժամանց