Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 մարտին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ կը մրցի Շանվիլի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, միայն հիւրընկալ խումբին համակիրները կրնան ուղղուիլ դաշտ` երկու կազմերու համակիրներուն միջեւ որեւէ հարց չստեղծուելու համար, ըստ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին օրէնքին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն այս ճակատումէն յաղթական դուրս գալու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձեալ գրաւել պարագլուխի դիրքը: