Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 5 մարտին Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի Ներկայացուցիչների տան խումբ մը խորհրդարանականներու` խորհրդարանական տարբեր քաղաքական ուժերու արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումը կազմակերպուած է Հոլանտայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութեան աջակցութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Արցախի խորհրդարանը գործընկերային յարաբերութիւններ հաստատած է եւրոպական շարք մը երկիրներու եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններու հետ, իսկ Հոլանտայի օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ նման կազմով առաջին անգամ կը հանդիպի:
Աշոտ Ղուլեան հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Արցախի պատմութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման համար պայքարի քաղաքական եւ իրաւական հիմքերու, Արցախի պետականաշինութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ:
Հանդիպումի աւարտին պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն` Արցախի խորհրդարանի նախագահը անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն, Արցախի տնտեսական զարգացման կարելիութիւններուն եւ շարք մը այլ հարցերու:
Հանդիպումին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան: