Ս. Մ.
Ալապամայի կարգ մը շրջաններու բնակիչները կիրակի, 3 մարտի յետմիջօրէին զոհ գացին ահաւոր մրրիկի մը: Արձանագրուեցան առ նուազն 24 զոհ, նիւթական անհաշուելի վնասներ, մէկ խօսքով, բնական աղէտի մը հետեւանք` բազմերես ողբերգութիւններ:
Ուրականը այնքան արագ գոյառած է ու հարուածած` բնակավայրերը, որ մարդիկ հազիւ 10-15 վայրկեան ժամանակ ունեցած են իրենք զիրենք պաշտպանելու: Բնական աղէտին վայրը այցելողներ անվարան եզրակացուցին, որ շրջանը պատերազմի գօտիի մը պատկերը կը ներկայացնէ, թէ` նման աղէտ աննախընթաց է շրջանին մէջ:
… Նախագահ Թրամփ որոշած է ուրբաթ, 8 մարտին այցելել աղէտեալ շրջան: Ալապամայի մէջ լուռ զրոյց մը շրջան կ՛ընէ. «Բնական աղէտը չէ՞ր բաւեր, որ մարդակերտ աղէտ մը պիտի այցելէ շրջան…»:
Նման մտածողութիւն ապերախտութիւն է. կիրակիի մրրիկը հազիւ քանի մը վայրկեան տուաւ բնակիչներուն` ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Նախագահը աւելի վեհանձն է. ան օրեր առաջ իմացուց իր գալուստը. իսկ ամերիկացի ժողովուրդն ու ամբողջ աշխարհը արդէն երկու տարիէ ի վեր կը վայելեն մարդակերտ աղէտը…
2 մարտ 2019