Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները հանդիսութեամբ մը յիշատակեցին Վարդանանց տօնը` օրուան պատգամաբեր ունենալով բանասէր, խմբագիր, մատենագէտ եւ մանկավարժ Ժիրայր Դանիէլեանը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան օրհներգերու ունկնդրութենէ ետք, 8-րդ կարգի աշակերտ Սարին Քիւրքճեանը բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայուն պատմութիւնը եղած է նոյնը, բայց ամէն անգամ մեր դիմաց ելլող գազանին անունն է, որ կը փոխուի, բայց ունի մէկ նպատակ` ոչնչացնել հայ ազգը, իւրացնել Հայաստանը, թալանել, կողոպտել ու կոտորել: Ան աւելցուց, որ սակայն մեր պատմութիւնը միայն ջարդ ու սպանդ չէ, պատմութիւնը արձանագրած է նաեւ Վարդան ու Վահան Մամիկոնեաններ, Արամ Մանուկեան, Նազարբէկեան, Սիլիկեան ու Փիրումեան, որոնց շնորհիւ մենք այսօր հայրենիք ունինք, Հայաստան եւ Արցախ ունինք:
Մանկապարտէզի աշակերտներուն «Ով եմ ես» երգէն ետք բեմ բարձրացան Ա. կարգի աշակերտները եւ մանկական արտայայտութեամբ արտասանեցին Վարդանանց պատմութիւնը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբերը, որ իր խօսքը սկսաւ` ըսելով, որ ինքն ալ եղած է Մխիթարեանի սան, ուր իրեն սիրցուցած են ե՛ւ հայերէնը, ե՛ւ հայոց պատմութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Ղեւոնդ Երէց եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ կաթողիկոսը աշակերտներէն, եւ անոնց շունչով տոգորուած` պայքարած է Մաշտոցի տուած հզօրագոյն զէնքով, եւ այդ զէնքը` լեզուն, ինչպէս նաեւ` հաւատքը, մեզ հասցուցին մինչեւ մեր օրերը: Ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Եթէ մենք այսօր Մխիթարեան վարժարանին մէջ, այս հրաշալի ու գեղեցիկ դպրոցին մէջ կ’ուսանինք, կ՛ուսանինք, որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց ունեցած ենք, Սահակ կաթողիկոս, Ղեւոնդ Երէց եւ անոնց յաջորդները ունեցած ենք»: Դանիէլեան աւելցուց նաեւ, որ Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ իրենց հետեւորդներուն օրինակով մենք օր մը ունեցանք Սարդարապատ, երբ հայ ժողովուրդը իր նախնիներուն նման պայքարեցաւ ու թրքական հզօր բանակը ջախջախեց, եւ նոյն այդ ոգին է, որ մեզ հասցուց մինչեւ Արցախ, ուր կռուեցանք նո՛յն ոգիով: Ան մաղթեց, որ հայ աշակերտները միշտ Վարդանը իբրեւ դրօշ իրենց վերեւ բռնած ըլլան ու իրենց մէջ վառ պահեն անոր խիզախ ու հայրենասէր ոգին:
Ապա ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը` Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» քերթուածին կատարողութեան ներքոյ, որ ընդգրկեց նաեւ երաժշտական ընդմիջումներ «Հիմի էլ լռենք» եւ «Լէպլէպիճիներու խմբերգը» երգերով, եւ յայտագիրը փակեցին խմբային «Հայորդիք» երգով:
Աւարտին խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը եւ Վարդանանց տօնին անդրադառնալով` նշեց, որ Վարդան թէեւ Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուեցաւ, բայց յաղթեց: Յաղթեց, որովհետեւ այսօր մենք տակաւին հայերէն կ՛ասմունքենք, հայերէն կ՛երգենք, հայերէն կ՛աղօթենք, կը խօսինք ու կը կարդանք: Այս մեր յաղթանակն է, հայկական դպրոց ունենալը մեր յաղթանակն է, եւ մենք պիտի գոյատեւենք Վարդաններու ոգիով, իր խօսքը եզրափակեց Մխիթարեանի տնօրէնը:
***
Ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին Մխիթարեան վարժարանի մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը: Այդ օր աշակերտները դպրոց եկան ծպտուած` իրենց նախասիրած ասպարէզներու տարազով: Տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, որուն Երեւանէն ուղիղ եթերով միացան ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (Armenian Virtual College) Հայաստանի գրասենեակի հիպրիտ ծրագիրներու պատասխանատու Արփինէ Թաւագալեանը եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը: Անոնք նախ մեր աշակերտներուն տեսերիզով ցուցադրեցին ու պատմեցին Հայաստանի մէջ Բարեկենդանի աւանդական տօնակատարութեան մասին, այնուհետեւ հետեւեցան մեր մանկապարտէզի աշակերտներու ելոյթին եւ ապա` տարազներու ցուցադրութեան: 7-8-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին Բարեկենդանի տօնին պատմականը:
Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը, առաւօտեան, Հայկական համացանցային համալսարանի Հայաստանի գրասենեակին միջոցով վարժարանիս 5-8-րդ կարգի աշակերտները հաճելի եւ օգտաշատ հնարաւորութիւնը ունեցան մուտք գործելու Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի աշխարհէն ներս` առցանց շրջապտոյտ կատարելով անոնց թանգարաններուն մէջ, ծանօթանալով անոնց կեանքին ու գործունէութեան, եւ այս մէկը` առ ի գործադրութիւն Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակներուն առիթով վերոնշեալ գրասենեակի նախաձեռնած ծրագրին: