Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը ունեցաւ յաղթանակ սկիզբ մը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսին:
Խումբը այս մրցումին ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:
Այլ հանդիպումներու ընթացքին Ռուսիա յաղթեց Ղազախստանին (3-1), Չինաստան` Հունգարիոյ (3,5-0,5), մինչ Միացեալ Նահանգներ – Ուքրանիա, ինչպէս նաեւ Հնդկաստան – Վրաստան հանդիպումները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ:
Աղջկանց հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունքը ստացած էր 2018-ի ողիմպիականին 6-րդ դիրքը գրաւելուն շնորհիւ:
Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը չի մասնակցիր ախոյեանութեան:
Իր կատարած երկրորդ մրցումին, Հայաստանի աղջկանց խումբը 3,5-0,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռուսիայէն:
Գ. հանգրուանին Հայաստանի մրցակիցն է Հնդկաստանը: