Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէ ետք լրատուամիջոցներու համար նախատեսուած հանդիպումին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 2017-2020 թուականներուն համար նախատեսած է 176 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել` միտուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար բարեփոխումներուն:
«Բայց ինչպէս պարոն վարչապետը բազմաթիւ անգամներ նշած է` շատ աշխատանք կայ կատարելիք` յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ եւ դատական բարեփոխումներու մարզին մէջ: Որքան շատ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարեփոխուի, այնքան աւելի մենք պիտի աջակցինք անոր` ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ քաղաքականապէս», նշած է ան:
Անդրադառնալով մուտքի արտօնագիրի վերացման հարցին` Եունքեր ըսած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կողմ է, որ մուտքի արտօնագիրներու վերացման երկխօսութեան բանակցութիւնները շուտով սկսին:
Փաշինեան. «Անհրաժեշտ Է Արդիւնաւէտ Ձեւաչափ Ստեղծել, Որուն Նպատակը Բանակցային Հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Ապահովելն Է»
«Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ աւելցնել աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման արագացման ուղղութեամբ» հարցումին ի պատասխան` Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը Պրիւքսելի մէջ լրագրողներու համար նախատեսուած հանդիպումին յայտարարած է` պէտք է պահենք ներկայ ձեւաչափը:
«Պէտք է պահենք ամէն ինչ գործող ձեւով, նոր բան չստեղծենք: Բայց շատ կարեւոր են փոխադարձ վստահութեան զարգացման միջոցները: Եւ մենք դուրսէն` իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, ի՞նչ կրնանք ընել: Մենք կրնանք ամբողջ շրջանին աջակցիլ, կրնանք նպաստել երկիրներու միջեւ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու մէջ: Այսինքն` կարելիութիւնները պէտք է շատ ըլլան, եւ որոշ բաներ ժամանակ կը պահանջեն: Բայց կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ պայմանները բաւական նպաստաւոր են հետագային շրջանային իրավիճակը բարելաւելու համար: Մենք պէտք է աջակցինք, բայց միայն կողմերուն խնդրանքով եւ պահանջով», ընդգծած է ան:
Իր կարգին, հանդիպումին ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է. «Ես արդէն Թեհրանի մէջ ըսած եմ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարին հետ յառաջիկայ մեր հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ այդ կարգին` բանակցային ձեւաչափի շուրջ քննարկումներուն, որովհետեւ մենք կը կարծենք, եւ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած, որ տագնապի արդիւնաւէտ լուծման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ ձեւաչափ ստեղծել, որուն նպատակը բանակցային հոլովոյթին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնն ապահովելն է»:
Այս ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ անդրադարձած է Եւրոպական յանձնաժողովի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանի` ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ յայտարարութեան:
Ան ողջունած է այդ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան գործող` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով: