Պատմութեան Վճիռը
Արջը եօթը պատմութիւն գիտէ, եօթն ալ` տանձի մասին:
Մեր թերթերը շաբաթը եօթը յօդուած եթէ տպեն, եօթն ալ կապ կ՛ունենայ այլասերման վտանգներուն եւ մեր գոյապայքարի միջոցներուն հետ: Եւ ասիկա անբնական երեւոյթ մը չէ, քանի որ սփիւռքի ամբողջ տարածքին վրայ ազգային տեսակէտէն չունինք աւելի հրատապ խնդիր, քան` հայ մնալու եւ մեր զաւակները հայ մեծցնելու դժուարին պարտականութիւնը:
Մեր այս պայքարը զինադուլ չունի: Որո՞ւ հետ կրնանք հաշտութեան դաշնագիր կնքել. օտար դպրոցներո՞ւն հետ, որոնք կը քաշեն մեր մատղաշ տղաքն ու աղջիկները եւ անոնց կու տան անհարազատ կրթութեան մը անհարազատ դրոշմը. օտար բարքերուն, պարերուն, կենցաղային այլազան հրապոյրներո՞ւն հետ, որոնք իրենց յորձանքին մէջ կը դարձնեն մեր նոր սերունդը. օտար գրականութեանց եւ մշակոյթներո՞ւն հետ, որոնք իրենց շլացուցիչ լոյսով կը կախարդեն մեր զաւակներուն հայու աչքերը:
Արդարեւ, ասոնցմէ ո՞ր մէկը խօսք կրնայ հասկնալ, հանգիստ ձգել մեզ եւ չմտնել մեր կեանքի սահմաններէն ներս:
Ո՛չ մէկը` անշուշտ, եւ ճիշդ այդ պատճառով մեր պայքարը դուլ եւ դադար չունի: Դժբախտաբար ժամանակն ալ դաշնակից չէ մեզի: Որքան տարիները անցնին, այնքան պահեստի մեր ուժերը կը սպառին, հիները մի առ մի կ՛անհետանան, հին յուշերու եւ կարօտներու զինամթերքը կը հատնի, եւ տեղը նոր չի գար:
Շա՜տ դժուար, գրեթէ անկարելի դարձած է արտաքին ճակատի վրայ զինակիցներ գտնել: Ընդհակառակն, պայմանները կարծես տարուէ տարի աննպաստ դասաւորում կը ստանան մեզի համար: Կազմակերպուած գաղութներ ունէինք` դպրոցով, եկեղեցիներով, ակումբներով որոնք մէկը միւսին ետեւէն սկսան քայքայուիլ եւ երեսուն-քառասուն տարիներու ճիգն ու աշխատանքը հեղեղը տարաւ: Հեղինակաւոր թերթեր ունէինք, որոնք լռեցին: Եւ այդ գաղութներուն մէջ տուն-տեղ եղած հայութեան բեկորները ստիպուեցան անգամ մը եւս գաղթական դառնալ` հեռաւոր աշխարհներու մէջ նոր բախտ եւ նոր կայք որոնելու համար:
Այո՛, խրախուսիչ չեն կարծես ազգային գոյապայքարի ճակատներէն հասնող լուրերը: Եւ սակայն պայքարը կը շարունակուի բնազդի մը դրդումով կարծես, քիչ մը ամէն կողմ: Տեղ մը ծրագիրներ կը մշակուին դպրոց բանալու, ուրիշ տեղ նոր եկեղեցիներ կը բարձրանան, մոռցուած անկիւնի մը մէջ, ուր հազիւ երկու-երեք տուն հայ կայ, մարդիկ քով-քովի կու գան ազգային նուիրական տօն մը տօնելու: Յուզիչ են այս անջատ ճիգերը, որոնք բոլորն ալ ի վերջոյ կը ձգտին նոյն նպատակին:
Պատմութիւնը առհասարակ կ՛արձանագրէ ռազմադաշտին վրայ մղուած ճակատամարտերը եւ անոնց արդիւնքը: Վարդանանց պատերազմ, Աւարայրի դաշտ, վաթսունվեց հազար կտրիճներ, միօրեայ պատերազմ…
Պատմութիւնը պիտի կրնա՞յ հարազատօրէն արձանագրել նաեւ այն «պատերազմը», զոր մէկ միլիոնէ աւելի հայեր յիսուն տարիներէ ի վեր կը մղեն աշխարհիս բոլոր տարածութիւններուն վրայ: Պիտի կրնա՞յ հաշուել զոհերուն թիւը, կտրիճներուն շարքերը, զոհաբերութեան քանակը:
Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, որ մեր մղած այս անարիւն պատերազմին ալ ունեցանք եւ ունինք դասալիքներ, անտարբերներ, նահանջողներ, թշնամիին կողմը անցնողներ: Ո՞ր բանակը զերծ է նման տարրերէ: Ունեցանք եւ պիտի ունենանք այսուհետեւ ալ քաշքշուողներու, թմրածներու, հազիւ քալողներու զանգուած մը եւս, որուն ներկայութիւնը աւելի թիւ է, քան թէ` որակ: Բայց ունեցանք եւ կը շարունակենք ունենալ նաեւ անձնուէրներու, հերոսներու փաղանգ մը, որ միշտ առաջին գիծերուն վրայ է:
Կարեւորը այս մանրամասնութիւնները չեն. կարեւորը ո՛չ իսկ շառաչուն յաղթանակներն են, կամ` շահուած հողերը: Կենաց-մահու նման երկարատեւ եւ մաշեցնող պայքարներու ատեն կարեւորը հաւաքականութեան արթուն գիտակցութիւնն է, ընդհանրական ճիգը, ամէնօրեայ մագլցումը: Աշխարհատարած ճակատներու վրայ ամէն հայ թէ՛ զինուոր է, թէ՛ զօրավար: Երբեմն մինակը, երբեմն իր ընտանիքի անդամներուն հետ ստիպուած է կուրծք տալ մեր ազգային զգացումներուն եւ դիմագիծին վրայ արշաւող ուժերուն: Առանց հարցնելու` թէ մեկուսացած իր ջանքերը օգուտ մը ունի՞ն, ազգը կը փրկե՞ն , թէ՞ ոչ: Եւ փոքրիկ այս ճիգերը, շատ հեղ չտեսնուող հերոսական այս արարքները օղակ առ օղակ հաւաքուելով, համադրուելով` սփիւռքի կեանքը կ՛երկարաձգեն նոր տասնամեակներու համար: Տեղ մը Կոմիտասի երգը, ուրիշ տեղ մը` շարական ու խունկ, տեղ մը` մեսրոպեան տառերուն ամենազօր ներկայութիւնը, ուրիշ վայրի մը մէջ` ճառ ու հանդէս, եւ ահա սերունդներու հոգեկան աշխարհին մէջ կանգուն եւ պայծառ կը մնայ Արարատի տեսիլքը:
Յետո՞յ, մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր, պիտի հարցնեն հաշուագէտ իմաստուններ:
Ո՛չ ոք կրնայ նախատեսել գալիքը: Ազգերը իրենց պայքարը չեն լքեր ճամբու կէսին: Կարեւորը այն է, որ պատմութիւնը ապագային կարենայ արձանագրել մեր հաշուին.
– Անոնք մինչեւ վերջ կատարեցին իրենց պարտքը: Անոնք գերազանց ուժերու դէմ պայքարեցան հերոսական ոգիով եւ երբեք վար չդրին զէնքերը: Անոնք արժանի եղան իրենց պապերու անունին:
Մ. ԻՇԽԱՆ