Նախապէս տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքը գրաւած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ թենիսի արհեստավարժ ասպարէզը իրեն համար պարզապէս եղած է աշխատանք եւ ներկայիս երբեք չէ հետաքրքրուած այս մարզաձեւով:
«Շատ քիչ առիթներով թենիսի մրցումներու կը հետեւիմ պատկերասփիւռէն եւ տան մէջ, այլ զբաղում չունիմ: 2017-ին Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան Ռոժէ Ֆետերերի տիտղոսակիր դառնալուն մասին իմացայ ընկերոջմէս: Ինծի համար թենիսը ընդամէնը աշխատանք էր, որ մեծ թափով կը կատարէի: Ներկայիս աւելի շատ զբաղած եմ ինքնաշարժներու աշխարհով», 37 տարեկան Նալպանտեանի խօսքերը մէջբերած է «Թենիս-Ուորլտ-Եու. Էս. Էյ.»-ը:
Նալպանտեան, որ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2013-ին, թէեւ մուտք գործեց ինքնաշարժներու արհեստավարժ ասպարէզ, բայց հոն եւս յաջողութիւն չգտաւ: