Նիկերիական մամուլը յայտնեց, որ անյայտ անձեր առեւանգած են ֆրանսական Պորտոյի եւ Նիկերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սամուէլ Քալուի մայրը:
Զինուած անձեր, անոր մօրը ինքնաշարժը կանգնեցնելով, զայն տարած են անորոշ ուղղութեամբ:
Անոնք պահանջած են 8 հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին:
Բայց այդ գումարը ստանալէ ետք, այս անգամ պահանջած են` 41 հազար ամերիկեան տոլար:
21 տարեկան Քալու, որ 2018-էն ի վեր հանդէս կու գայ Պորտոյի հետ, երկրին իշխանութիւններէն խնդրած է շատ արագ գտնել իր մայրը: