«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Լոս Անճելըս քաղաքի տերպին աւարտեցաւ Քլիփըրզի յաղթանակով, վերջինս 113-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լէյքըրզը: Վերջինիս յոյսերը` փլէյ-օֆին մասնակցելու, այսպիսով եղան քիչ մը դժուար:
Լէյքըրզէն Ռախոն Ռոնտօ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 10 ռիպաունտ, 12 էսիսթ), մինչ անոր խմբակից Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 27 կէտ:
Միլուոքի Պաքս, որ ցարդ միակ խումբն ըլլալով ապահոված է փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը, 114-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆէոնիքս Սանզի դաշտին վրայ:
Մայեմի Հիթ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 114-113 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Աթլանթա Հոքսին: Հիթէն Տուայն Ուէյտ նշանակեց 23 կէտ:
Մինչ Պաքս ապահոված է փլէյ-օֆի իր տոմսը` արեւելեան շրջանէն, անդին արեւմտեան շրջանէն Ֆէոնիքս Սանզ, որ կը գրաւէ վերջին դիրքը, դուրս մնացած է փլէյ-օֆէն, թէեւ ցարդ մրցումներ ունի կատարելիք: