Ըստ «Լա-Ռեփիւպլիքա»-ին, Միլանոյի ղեկավարութիւնը քաղաքի ղեկավարութենէն թոյլտուութիւն ստացած է նոր մարզադաշտ մը կառուցելու համար:
Կը նախատեսուի, որ անիկա կարենայ հիւրընկալել 60 հազար հանդիսատես եւ անոր կառուցման ծախսը կը գնահատուի 600 միլիոն եւրոյով:
Այս դաշտի կառուցման պարագային, «Սան Սիրօ» մարզադաշտը պիտի քանդուի:
Եթէ Ինթեր Միլան այս գծով իր հաւանութիւնը տայ, նոր մարզադաշտը շատ հաւանաբար պատրաստ պիտի ըլլայ 2023-ին: