ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ` Պելճիքայի Հայ օգնութեան միութենէն Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն, ՀՅԴ «Արամ Երկանեան» երիտասարդական միութենէն եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբէն:
Ողջունելով պարոն Ղուլեանը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ դատի գրասենեակի պատրաստակամութիւնը, շարունակել օժանդակելու Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները` եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ:
Աշոտ Ղուլեան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութիւնը, անոր ուղեկից միութիւնները եւ Հայ դատի գրասենեակներու դերակատարութիւնը` ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչման պայքարին մէջ:
«Երբ խորհրդարանին մէջ մեր գործունէութիւնը կ՛ամփոփենք յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ՛ընդգծենք Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները», յայտարարեց Ղուլեան: Ան շարունակեց ըսելով. «Պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք ջերմեռանդութեամբ»:
Անդրադառնալով հանդիպումին` Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ՛այցելեն մեր գրասենեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը բարձր կը գնահատեմ` սփիւռքի մէջ գործող Հայ դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով»:
Չորեքշաբթի, 6 մարտին արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, պիտի մասնակցի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած` «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: