Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցած է Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Լենա Նազարեանի, Ալեն Սիմոնեանի եւ Վահէ Էնֆիաջեանի հետ:
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումներու ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային ժողովի աշխատանքներուն, օրակարգին եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոր գործունէութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Կարեւոր նկատուած է օրէնսդիր մարմինի եւ իշխանութեան միւս թեւերու ներդաշնակ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցելու խորհրդարանին հետ եւ օժանդակելու անոր գործունէութեան: