ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 147
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ
Նիւթ`
ԿՈՄԻՏԱՍԸ՝ ՀԱՅ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԷԼԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ հիգշաբթի 7 մարտ, 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։
—————————————
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՈՒՆԿՆԴՐԵՑԷՔ ԼՕԽ-Ի ՁԱՅՆԸ
Չորեքշաբթի, 6 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հետեւեցէ՛ք «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումներուն` լսելու համար «ԼՕԽ-ի Ձայն»-ը յայտագիրը:
Յայտագիրը նուիրուած է
«ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ»:
—————————————
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահքի ընթացքին սուրբ պատարագը փակ վարագոյրի ետեւ կը մատուցուի, երեքշաբթի գիշերներու սուրբ պատարագի մատուցումը պիտի դադրեցնենք երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-էն սկսեալ:
Սուրբ պատարագի մատուցումը պիտի վերսկսինք երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի եւ հսկումի ժամերգութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 7:30-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Սիրով հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՄԸՄ ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 4 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Շուշի» ժողովրդային տան մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու յունուար ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:
Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 385 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.
15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԼՕԽ-ի Կազմակերպական յանձնախումբի ներկայ եւ նախկին ընկերուհիներ ընկհ. Շաքէ Եագուպեանի մահուան առիթով 170.000 լ. ոսկի եւ ընկհ. Էլմաստ Մսըրլեանի մահուան առիթով 140.000 լ. ոսկի կը նուիրեն ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
7 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԿԻՐԱԿԻ 10 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «Հ. ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
11 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
23 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019