Սպանացի յառաջապահ Ռոտրիկոյի նշանակած կոլին (56-րդ վայրկեանին) շնորհիւ Վալենսիա յաջողեցաւ ապահովել Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին իր տոմսը` կիսաւարտականի դարձի մրցումին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ռէալ Պեթիսի դէմ:
Երթի մրցումը աւարտած էր 2-2 հաւասարութեամբ:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին Սեւիլլայի դաշտին վրայ, Վալենսիա իրեն դէմ պիտի ունենայ Պարսելոնան, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ Մատրիտը` արձանագրելով 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երթ` 1-1:
Պարսելոնայի 3 կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (50-րդ եւ 73-րդ` փենալթիով) եւ Ռաֆայէլ Վարան 69-րդ` սխալմամբ իր բերդէն ներս):
Անդրադառնալով Ռէալ Մատրիտի կրած այս պարտութեան` սպանական մամուլը նշեց, որ Ռէալ Մատրիտ վերջին անգամ 1995-96 տարեշրջանին էր, որ հինգ մրցումներու ընթացքին կրած էր 3-0 արդիւնքով եւ աւելի քան հինգ պարտութիւն: