Մի՛ Վշտացնէք…
Աշխարհի մեծագոյն թերթերէն է «Նիւ Եորք Թայմզ»: Միացեալ Նահանգներու մեծագոյնը` իր ազդեցութեամբ: Բայց երբեմն կը փոքրանայ: Փոքրացած է վերջերս` արժանապատուութեան ամէն զգացում ոտնակոխ ընելով:
Առիթը Թուրքիան է, աւելի ճիշդը` միջադէպերը, որոնք պատահեցան ամերիկեան Վեցերորդ նաւատորմին Պոլիս եւ Իզմիր այցելութեան ընթացքին:
Յուզի՜չ է ամերիկեան օրաթերթին ինքնաքննադատութիւնը, երբ կ՛ըսէ.
«Մենք ամերիկացիներս, պէտք չէ վշտացնենք Թուրքիան, որ յարգանքի արժանի բարեկամ մըն է»… «Պէտք է խորհիլ, թէ Թուրքիա արժանաւոր բարեկամ մը եւ օգտակար կռուան մըն է»… «Խրամատ մը բացուած է Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, Ամերիկա պէտք է փութով փակէ այդ խրամատը»…
Ամբողջ յօդուածը նման «պէտք է»-ներու շարան մըն է: Ամերիկա նստած է յանցապարտի աթոռին վրայ ու խեղճ զոհէն` Թուրքիայէն ներողութիւն կը խնդրէ: Չենք գիտեր, թէ ամերիկեան հպարտ արծիւը որքան համաձայն է, բայց կը թուի, թէ Նիւ Եորքի օրկանին նման, ամերիկեան իշխանութիւնները եւս հայցողի նոյն դիրքին մէջ են ու Թուրքիան ողոքելու համար, կը դիմեն այն միակ միջոցին, որ հասկնալի է Անգարայի վարիչներուն եւ թուրք ժողովուրդին համար:
Դրամին:
Օրին նկատած էինք ամերիկեան այս առատաձեռնութիւնը, Թագսիմի դէպքերէն անմիջապէս ետք: «Եանքի, կօ հոմ» պոռացողները քսանեւչորս միլիոն տոլար կը ստանային… վասն «վարձատրութեան»: Կը կարծենք, սակայն, թէ այդ չնչին գումարը, բաղդատած քսան տարիէ ի վեր Թուրքիոյ կոկորդը իջած միլիառներուն, շուտ պիտի մոռցուի, ժամանակաւոր պիտի ըլլայ անոր ազդեցութիւնը թուրքերու ընչաքաղցութեան վրայ եւ Աթաթուրքի հայրենակիցները նոր առիթներ պիտի գտնեն Ամերիկայէն դրամ ուզելու համար: Թէեւ, ոմանք կը կարծեն, թէ «տոլարն ու դանակը հասած են Թուրքիոյ կոկորդին» եւ իրենց ընկերները անգամ մըն ալ պիտի փորձեն ռուբլին ու…
մանգաղը, ինչպէս փորձած էին Լենին-Աթաթիւրք սիրաբանութեան օրերուն:
Երանելի օրեր էին…
Երբ ռուսական ոսկին անսպառ կը հոսէր… Աթաթիւրքին կոկորդը:
Եթէ Թուրքիան չվշտացնելու` ամերիկեան մտահոգութիւնը կը բաժնեն նաեւ Քրեմլինի այս հաւատարիմները` իրենց գիտնալիքն է:
Թող չվշտացնեն: Միջոցն ալ պարզ է.
Դրամը:
Տ. Ս.