Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահ է, որ Ուաշինկթըն եւ Փիոնկիանկ ի վերջոյ համաձայնութեան պիտի գան վստահելի հարցերու շուրջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս մասին յայտարարած է «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն մասին` Թրամփ նշած է. «Ես որոշեցի, որ ատիկա յարմար պահ չէ որեւէ բան ստորագրելու համար, տեսնենք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ որոշ ժամանակ ետք»:
«Անոնք կ՛ուզէին ապահիւլէականացում ապահովել որոշակի ծիրի մէջ, իսկ ես կ՛ուզէի, որ ատիկա ըլլար լիակատար», բացատրած է Թրամփ` խօսելով այն պատճառներուն մասին, որոնք խանգարեցին համաձայնութեան գոյացումը: Խօսելով երկիրներուն միջեւ հետագայ բանակցային հոլովոյթի հեռանկարներուն մասին` Թրամփ ընդգծած է. «Ես այն զգացումը ունիմ, որ հետագային բան մը պիտի ըլլայ, լաւ բան մը»` աւելցնելով. «Ժամանակի ընթացքին մենք բանի մը պիտի հասնինք»:
Յիշեցնենք, որ 28 փետրուարին Հանոյի մէջ աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի երկօրեայ վեհաժողովը, որուն ընթացքին կողմերը չյաջողեցան հասնիլ համաձայնութեան: Երկու կողմերը հրաժարեցան միացեալ փաստաթուղթ ստորագրելէ, սակայն համաձայնեցան շարունակել երկխօսութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ղեկավարնեը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամներ դրականօրէն արձագանգեցին միացեալ փաստաթուղթ չստորագրելու Թրամփի որոշումին:
Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց, որ Հանոյի վեհաժողովի ընթացքին համաձայնութիւն չգոյացնելու պատճառը այն էր, որ Թրամփ չուզեց կրկնել իր նախորդին` Պարաք Օպամայի գործած սխալը: «Նախագահ Օպամա մերժեց ետդարձ կատարել Իրանի հետ վատ գործարք կատարել, իսկ նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժեց կրկնել Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ նոյն սխալը: Ան ամերիկացի ժողովուրդին անվտանգութիւնը քաղաքականութենէն վեր կը դասէ», ըսաւ ան: