Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, ըստ աւանդութեան Մեծ պահքի նախօրեակին սարքեց ընթրիք մը, Զղարթայի պալատին մէջ:
Այս առիթով Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները դժուար պայմաններ դիմագրաւած են, սակայն ապագան շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ:
«Այն փուլը, որուն ընթացքին Լիբանանի գոյութեան վտանգ կը սպառնար, արդէն իսկ վերջ գտած է, իսկ քաղաքական մեր ուղեգիծը, որ արեան գնով պահած ենք, յաղթական դուրս եկած է», շեշտեց Ֆրենժիէ` ընդգծելով, որ արեւելքին եւ արեւմուտքին իրենց հաւատարմութեան փաստաթուղթերը յանձնող մակաբոյծները այս երկրին մէջ քաղաքական ապագայ չեն կրնար ունենալ:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքը հսկայ ճնշումներու պիտի ենթարկուի, որովհետեւ ոմանք զայն իրենց ուղին խոչընդոտող վտանգ կը նկատեն, «սակայն մեր գրաւը ձեր վրայ է, իսկ ապագան շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ», հաստատեց ան: