Թեհրանի «Սաատապատ» պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Իրան հասած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, «Սաատապատ» պալատին մէջ, Հայաստանի վարչապետին դիմաւորած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին: Նեղ կազմով հանդիպումին յաջորդած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:
Նախագահ Հասան Ռուհանին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին իր հրաւէրը ընդունելուն եւ Իրան այցելելուն համար: «Բարի գալուստ Իրան: Կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն առիթով, որոնք դրսեւորուեցան ժողովրդավարական ճամբով: Մեր պատմական յարաբերութիւնները միշտ եղած են բարեկամական, եւ մենք կ՛ուզենք զանոնք աւելի ամրապնդել ու զարգացնել: Իրան միշտ կ՛ուզէ իր դրացիներուն, յատկապէս Հայաստանի հետ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ եւ շարունակել զանոնք: Համոզուած եմ, որ ձեր այցելութիւնը Իրան պիտի նպաստէ երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական յարաբերութիւններու ամրապնդման»:
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Ռուհանիին հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` աւելցնելով, որ Իրանը մօտ է Հայաստանին ո՛չ միայն աշխարհագրական, այլ նաեւ բարեկամական կապերով, եւ վերջին իրադարձութիւններէն ետք Իրանի հետ յարաբերութիւններուն համար նոյնպէս նոր կարելիութիւններ բացուած են, եւ իրենք ունին քաղաքական կամք զանոնք իրականացնելու համար:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է Իրանի մէջ տեղւոյն հայութեան նկատմամբ առկայ ջերմ վերաբերմունքի փաստը: «Ասիկա եւս կ՛ամրապնդէ մեր բարեկամական վերաբերմունքը Իրանի նկատմամբ: Մեր առանձնազրոյցի ընթացքին քննարկեցինք կարեւոր հարցեր, յոյս ունիմ, որ այս այցելութեան ընթացքին այդ հարցերէն մէկ մասի լուծումներուն պիտի կարենանք հասնիլ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Նախագահ Ռուհանի համոզում յայտնած է, որ երկու կողմերու քաղաքական կամքը բաւարար է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները շարունակեն ամրապնդուիլ:
Կողմերը համոզուած են, որ հետագային Հայաստանն ու Իրանը ո՛չ միայն պիտի պահպանեն փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, այլեւ պիտի ընդլայնեն ու խորացնեն զանոնք:
Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նախագահը երկկողմանի տնտեսական օրակարգի կարեւոր ծրագիրներէն նկատած են Իրան-Հայաստան 400 քիլովաթ լարման ելեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի կառուցման ծրագիրը, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աւելցնելու երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան եւ կազի փոխանակման ծաւալները` նպաստելով թէ՛ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, թէ՛ այս ոլորտին մէջ շրջանային համագործակցութեան ընդլայնման:
Կողմերը կարեւոր նկատած են նաեւ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի ծրագիրի իրականացումը եւ պայմանաւորուած յառաջիկային այդ ուղղութեամբ իրականացնել գործնական քայլեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկկողմանի առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները չեն համապատասխաներ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ նկատած են առաւելագոյն չափով երկկողմանի առեւտրական-շրջանառութեան ծաւալները մեծցնել եւ փոխադարձ ներդրումները աշխուժացնել:
Այդ առումով, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն, որոնք ուղղուած են ներդրումային միջավայրը աւելի նպաստաւոր եւ գրաւիչ դարձնելուն:
Շրջանային առեւտրական եւ տնտեսական կապերը աշխուժացնելու տեսանկիւնէն կարեւոր նկատուած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Իրան ստորագրուած համաձայնագիրի վաւերացումը խորհրդարաններուն կողմէ: Փաշինեան եւ Ռուհանի համոզում յայտնած են, որ այդ համաձայնագիրը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի խթանելու համար: Անոնք կարծիք յայտնած են, որ համաձայնագիրի լիարժէք ուժի մէջ մտնելէն ետք անիկա օգտակար պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Թեհրանի մէջ կազմակերպելու հայկական եւ իրանական արտադրանքի ցուցահանդէս-վաճառք, կազմակերպել գործարար ֆորում:
Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութեան կարեւոր ճիւղերէն կը նկատուի միջազգային փոխադրութեան միջանցքներու զարգացումը, Հիւսիս-հարաւ ճամբու միջանցքի ծրագիրի առանձին հատուածներու կառուցման ուղղութեամբ իրանական կողմի մասնակցութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան խթանման ու Հայաստանէն Իրան մսամթերքի արտահանման ծաւալներու յաւելման կարելիութիւններուն:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, մասնաւորապէս, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, բնապահպանութեան եւ մարդասիրական մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական համագործակցութիւնը կը նպաստէ շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման` աւելցնելով, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին շուրջ:
Փաշինեան եւ Ռուհանին համակարծիք եղած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծումը կարելի է բացառապէս խաղաղ ճամբով` տագնապի հարցով զբաղող միջազգային ճանչցուած միակ կառոյցի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով:
Հանդիպումի աւարտին երկու երկիրներու ղեկավարները յանձնարարած են Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններու պատասխանատուներուն` ըստ ոլորտներու շարունակել աշխուժ քննարկումները` մինչեւ միջկառավարական գալիք նիստը անոնք յստակ պայմանաւորուածութիւններու վերածելու նպատակով:
Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Իսլամական Յեղափոխութեան Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ հիւրընկալուած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին կողմէ:
Այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին այցելութիւնը եւ նշած, որ տեղեկացուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին: Այաթոլլա Ալի Խամենէին իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ-իրանական բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացման եւ այդ ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն: Ան յատկապէս կարեւոր նկատած է հայ-իրանական տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումն ու խթանումը:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Հայաստանը շահագրգիռ է բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումով եւ ընդլայնումով:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ժողովրդական յեղափոխութեան:
Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետը տեղեկացուցած է, որ ուշադրութեամբ հետեւած է Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ ժողովրդավարական կանոններով տեղի ունեցած գործընթացներուն:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանային զանազան հարցերու: Անոնք համակարծիք եղած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծումը կարելի է բացառապէս խաղաղ ճամբով:
Իրանն Ու Հայաստանը Համագործակցութեան Երկու Փաստաթուղթ Ստորագրած Են
Իրանն ու Հայաստանը համագործակցութեան երկու փաստաթուղթ ստորագրած են: Այս մասին, ըստ «Ալիք»-ի, կը տեղեկացնէ Իրանի նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը:
Առաջին փաստաթուղթը Իրանի տնտեսական չափանիշներու յստակացման ազգային հաստատութեան եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան յուշագիրն է, իսկ երկրորդը` Իրանի ազատ տնտեսական-արդիւնաբերական գօտիներու գերագոյն խորհուրդի եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրը:
Փաստաթուղթերը երկու երկիրներուն անունով ստորագրած են արտաքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆն ու Զոհրապ Մնացականեանը:
Հանդիպում Իրանահայ Համայնքին Հետ
Փաշինեան. «Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ Եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Ունինք Համազգային Օրակարգ, Որուն Նպատակը Համազգային Նպատակներու Իրագործումն Է»
Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան առաջին օրուան վերջին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի եւ իր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին հետ` Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան մէջ: Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ներկայ եղած են հազարաւոր իրանահայեր, որոնք Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ողջունած են մեծ ոգեւորութեամբ եւ ջերմութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ ելոյթով ներկաներուն դիմելը` գրառում կատարած է «Արարատ» մարզամշակութային միութեան պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ:
Ողջունելով իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ապրիլ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած դէպքերուն: Ան յատկապէս խօսած է Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին` ըսելով. «Այո՛, Հայաստանի մէջ սփիւռքի հետ կապուած հարցերու մասին կրնան ըլլալ քննարկումներ, բանավէճեր, տարբեր մօտեցումներ եւ տեսակէտներ, բայց կ՛ուզեմ յստակ ըսել, որ պէտք է բացառել այնպիսի գործողութիւններ, որոնք որեւէ ձեւով կասկածի տակ կը դնեն այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ այսօր կը վայելէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Իրանի եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Չեմ կրնար յատուկ յարգանքի եւ գնահատանքի խօսքեր չըսել «Արարատ» ակումբին, որ երկար տարիներ անհատական, համայնքի, առանձին խումբերու եւ կուսակցութիւններու ջանքերով կրցած է ստեղծել այսպիսի բացառիկ հայկական օճախ մը»:
Շարունակելով իր խօսքը` վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունինք Հայաստանի օրակարգ եւ սփիւռքի օրակարգ, ունինք համազգային օրակարգ, որուն նպատակը մեր համազգային նպատակներու եւ երազանքներու իրագործումն է»: