ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՊԻՏԻ ԴՐՈՒԻ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ
By adminx - Wed Dec 14, 7:33 am
Մինչեւ այս տարեվերջ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ քննարկման պիտի դրուի Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու սեմին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դարձած է աշխուժօրէն քննարկուող նիւթ: Աշխուժութիւնը յատկապէս վերսկսաւ, երբ ընկերվարականներու թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ, որ այն ժամանակ տակաւին պաշտօնապէս չէր դարձած նախագահական ընտրութեանց կուսակցութեան թեկնածուն, նախընտրական քարոզարշաւի շրջանակներուն մէջ յայտարարեց, որ իր նախագահ ընտրուելուն պարագային պիտի հաստատուի Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը: Ֆրանսայի հայկական մեծ կազմակերպութիւնները կը սատարեն Հոլանտի թեկնածութեան:
Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, որ «Ֆրանսուա Հոլանտ լուրջ խոստումներ տուաւ հայկական համայնքին` ըսելով, որ հիմա ծերակոյտին մէջ ընկերվարականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, եւ որ ինք պիտի հասնի օրէնքի քուէարկութեան»:
Աւելի ուշ` արդէն հոկտեմբերին, Հայաստան այցելած Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հոլանտէն ետ չմնալու համար նման խոստում տուաւ հայերուն եւ Ֆրանսայի հայ համայնքին, հակառակ անոր որ նոյն` Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծի քուէարկութիւնը մայիսին ֆրանսական ծերակոյտին մէջ ձախողեցաւ նոյնինքն Սարքոզիի եւ անոր կուսակիցներուն ջանքերով:
Օրեր առաջ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Իրաւական հարցերու յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ընդունեց: Այսպիսով օրինագիծը բերուեցաւ խորհրդարանի օրակարգ: Անիկա քննարկման պիտի դրուի դեկտեմբերի աւարտին, որմէ ետք օրինագիծը պիտի ներկայացուի ծերակոյտի քննարկման, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան յունուար-փետրուար ամիսներուն:
«Նոր նախագիծին մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը չկայ, բայց կը նշուի, որ կարելի չէ մերժել Ֆրանսայի կողմէ օրէնքով ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւնները», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:





