Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականին (ֆայնըլ-ֆոր) իր կատարած առաջին մրցումին, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
ՀՄԸՄ տպաւորիչ եւ բացառիկ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 76-40 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-7, 19-9, 21-13, 14-11):
Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ տիրապետեց չորս քորթըրներուն ալ, մանաւանդ առաջինին:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ելենա Լէօշենքա (23 կէտ, 16 ռիպաունտ), Ռեպեքքա Աքըլ նշանակեց 17 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ): Նոյնքան կէտ նշանակեց Շիրին Շերիֆ:
Մեղրի Թորոսեան նշանակեց 9 կէտ, Լէյլա Ֆարես` 6, իսկ Փաթիլ Ասատուրեան` 4:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 42 ռիպաունտ` փոխան 28-ի, մինչ էսիսթները եղան 21` փոխան 8-ի, իսկ սթիլները 21` փոխան 9-ի:
Այսինքն` բառին բուն առումով ՀՄԸՄ լաւապէս տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ժորժ Սաատ, Ճենիֆըր Ամուրի եւ Մանսուր Ռայես:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Անդրանիկ Պէյրութը` առաջին մրցումին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (56-36):