Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ազրպէյճանի ողբերգութիւնը մեր ողբերգութիւնն է»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Օխու» կայքը:
«Խոջալուի մէջ 27 տարի առաջ դաժանօրէն սպաննուած ազրպէյճանցի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցաւով կը յիշեմ: Ազրպէյճանի ողբերգութիւնը մեր ողբերգութիւնն է», նշած է ան:
Երէկ նոյնպիսի յայտարարութիւն մըն ալ տարածած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ մէկ օր առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանը` հայերը մեղադրելով կոտորածներ կազմակերպելու եւ Ազրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելու յանցանքով: