Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ ԱՐԻԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն «հրաժարականս միայն պաշտպանելու համար է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք, կարծիքովս, այլ կառոյցներու կողքին ճակատագրական են Իրանի ազգային անվտանգութեան համար»:
«Ես անձնապէս ոչ ոքէ նեղուած եմ, եւ կարիքը չունիմ, որ մէկը զիս հանգստացնէ, սակայն իբրեւ արտաքին գործոց նախարար պէտք էր հակազդեցութիւն ցուցաբերէի, իսկ հրաժարումիս վերաբերեալ մնացեալ բոլոր վերլուծումները երեւակայութիւններ են», շեշտեց ան:
Զարիֆ այլ յայտարարութեան մը մէջ նշեց. «Ներքին պայքարներն ու պառակտումը Իրանի մահացու թոյնն են: Կուսակցական տագնապները Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մահացու թոյնն են»:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի գրասենեակին տնօրէնը իր կարգին յայտնեց. «Նախագահը այն կարծիքը ունի, որ Իրան միայն մէկ արտաքին քաղաքականութիւն եւ մէկ արտաքին գործոց նախարար ունի»:
Զարիֆ իր հրաժարականը յայտարարելով եւ մեկնաբանելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Իրան այցելութիւնը յայտնած էր. «Այլեւս իբրեւ արտաքին գործոց նախարար գոյութեանս նկատմամբ նուազագոյն յարգանքը չէ մնացած»:
Նշենք, որ ան Ասատի հետ հանդիպումէն հեռու պահուած էր, մինչ հանդիպումին մասնակցած էր Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանին: