Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մեղադրած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ պատերազմ կազմակերպելու փորձի յանցանքով: «Այն ամէնը, ինչ որ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, դատապարտուած է ձախողութեան: Անոնք կը փորձեն արհեստականօրէն ճգնաժամ ստեղծել, որպէսզի արդարացնեն քաղաքական մագլցումը եւ զինուորական միջամտութիւնը Վենեզուելայի դէմ, որպէսզի պատերազմ բերեն Հարաւային Ամերիկա», յայտարարած է Մատուրօ` «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն:
Մատուրոյի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն ստանալ վենեզուելական քարիւղը եւ ատոր համար պատրաստ են դիմելու պատերազմի: «Քու Քլուքս Քլանի ծայրայեղական կառավարութիւնը, որ կը ղեկավարէ Տանըլտ Թրամփը, պատերազմ կ՛ուզէ քարիւղի եւ ո՛չ միայն քարիւղի պատճառով», ըսած է ան: Ան Վենեզուելան նկատած է «խաղաղապաշտական եւ համեստ երկիր»:
Միւս կողմէ, Վենեզուելայի խորհրդարանի նախագահ Խուան Կուայտօ, որ ինքզինք նախագահ հռչակած է, մտադիր է այս շաբաթ Քոլոմպիայէն վերադառնալ հայրենիք: «Մենք Վենեզուելա պիտի վերադառնանք այս շաբաթ», յայտարարեց ան` Լիմայի խումբի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտէն ետք:
Կուայտօ 22 փետրուարին կրցած էր Քոլոմպիոյ Քուքութա բնակավայր հասնիլ` հակառակ Վենեզուելայէն ելքի` յունուարէն ի վեր գործող արգելքին: Ըստ անոր, ատիկա կատարելու համար իրեն օգնած են Վենեզուելայի զինեալ ուժերը: 23 փետրուարին ընդդիմութիւնը փորձած էր Վենեզուելա հասցնել մարդասիրական օժանդակութիւն, սակայն փորձը ձախողած էր, երբ Մատուրոյի կառավարութիւնը չէր արտօնած, որ անիկա երկիր մուտք գործէ: Կուայտոն այդ օրէն կը գտնուի Քոլոմպիոյ մէջ:
Մինչ այդ, Պրազիլի փոխնախագահ Համիլթըն Մորօ յայտարարեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ Վենեզուելա ներխուժելու համար իր տարածքը օգտագործել` ընդգծելով, որ Պրազիլ իր կարելին պիտի ընէ դրացի Վենեզուելայի հետ զինեալ տագնապ մը կանխարգիլելու համար: