Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «Միքս-ֆայթ-40» միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող Ռազմիկ Ղուլինեան (68 քկ) փայլուն յաղթանակով մը տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՔԷՅ. ԷԼ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանութեան գօտիին` առաւելութեան հասնելով Սպանիոյ յառաջատար մարզիկներէն մէկուն` Մանուէլ Կարսիայի վրայ:
Հայրենի այլ մարզիկ մը` Դաւիթ Խաչատրեան, հանդիսացաւ Եւրոպայի «Տապըլիու. Էմ. Էմ. Էյ. Էլ.»-ի ախոյեան, 3 ռաունտնոց մենամարտին վստահ յաղթանակ տանելով իտալացի Սիմոնէ Փոթինոյի դէմ:
Ան իր տիտղոսը ստացաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանէն:
Մրցումները տեղի ունեցան նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ: