21-24 փետրուար 2019-ին, Թունուզի Սուսա քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) խորհուրդի ժողովը, որուն ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ երկու ներկայացուցիչով` Անահիտ Յակոբեան (Ֆրանսա) եւ Եղիա Թաշճեան (Լիբանան): Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 50 ընկերվարական, յառաջդիմական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններ` տարբեր երկիրներէ:
Ժողովի հիմնական նիւթերն էին բնապահպանական եւ ընկերային արդարութեան հարցերը: Մասնակիցները քննադատեցին մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը վերոնշեալ հարցերուն շուրջ: Բնապահպանութեան վերաբերեալ ժողովը կոչ ուղղեց աշխարհի երկիրներուն` ջանք գործադրել միացնելու իրենց ճիգերը` կանխելու համար բնապահպանական աղէտը:
Մասնակիցները նաեւ պահանջեցին, որ ընկերվարական կուսակցութիւնները բնապահպանութեան հարցը դիտեն իբրեւ առաջնահերթութիւն, անիկա ներառելով իրենց քաղաքական եւ ընտրական ծրագիրներու մէջ եւ որդեգրեն կայուն զարգացման ծրագիրներ: Այդ պայքարի շրջագիծին մէջ է նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատման հարցը, որուն չիրականացումը կը վնասէ աղքատ եւ բանուոր դասակարգերու շահերուն:
Խորհուրդի ժողովին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկուեցաւ Վենեզուելայի տագնապը, որուն վերաբերեալ մասնակիցները կոչ ուղղեցին մեծ պետութիւններուն` միջամուխ չըլլալու երկրի ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին տագնապի խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Ժողովը գնահատեց կիներու իրաւունքներու ասպարէզին մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը եւ յայտարարեց, որ ընկերվարութիւնը ամբողջական չէ առանց ժողովրդավարութեան:
Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան խորհուրդի ժողովը որդեգրեց բազմաթիւ բանաձեւեր, որոնք կապուած էին բնապահպանական հարցերուն, կիներու իրաւունքներուն եւ ընկերային արդարութեան:
Կարեւորութեամբ կը նշենք, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի առաջարկած բանաձեւը, որ կը վերաբերէր «Հանքագործութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը բնութեան վրայ» հարցին, միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Բանաձեւի մշակման գործին մասնակցեցան Պուլկարիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւնները: Բանաձեւին ի նպաստ խօսք առին բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Խորհուրդի ժողովի շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները առանձին հանդիպումներ ունեցան Թունուզի, Պաղեստինի, Ուքրանիոյ, Լիբանանի, Իրաքի քրտական եւ այլ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ժամանակ կողմերը շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութեան եւ շարունակականութեան հարցը:
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-միջազգայնականի երիտասարդական ուղեկից կազմակերպութիւնն է: ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրաւ անդամ է:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
26 փետրուար 2019