Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 23 փետրուար 2019-ի ժամը շուրջ 22:30-ին, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատին վրայ ցեղապաշտական ու ատելութեան բովանդակութեամբ անգլերէն եւ արաբերէն գրութիւններ գրուած են:
Թաղական խորհուրդի անդամները նկարելով այդ գրութիւնները տեսերիզի արձանագրութիւններու հետ զանոնք անյապաղ փոխանցած են պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանին:
Թաղական խորհուրդը այս անախորժ դէպքին մասին տեղեակ պահած է նաեւ Ֆաթիհ գաւառակի ապահովութեան տնօրէնութիւնը: