Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն սուր քննադատութեան ենթարկեց Շարմ Շէյխի մէջ կիրակի օր գումարուած Արաբական լիկայի եւ Եւրոպական Միութեան միացեալ առաջին վեհաժողովին մասնակից պետութիւններուն ղեկավարները:
Ան ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ հրապարակեց լուսանկարը 9 ամբաստանեալներու, որոնք այս ամիս մահապատիժի ենթարկուեցան յունիս 2015-ին` Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազ Հիշամ Պարաքաթը ահաբեկելնուն համար:
Քալըն վերոնշեալ լուսանկարը մեկնաբանող գրառում մը կատարելով նշեց. «Այս 9 երիտասարդները մահապատիժի ենթարկուեցան (Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ) Սիսիի վարչակարգին կողմէ, որ արեւմտեան եւ (Արաբական) Ծոցի կարգ մը երկիրներուն կողմէ դրական վերաբերմունքի կ՛արժանանայ: Ամօ՛թ անոնց բոլորին, անոնք մեղսակից են այս ոճիրին»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «աննախադէպ» բառերով քննադատած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին: Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «եգիպտական իշխանութիւնները Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի իշխանութեան գալէն ի վեր մահապատիժի ենթարկած են 42 անձեր, որոնց շարքին վերջինները անցեալ շաբաթ 9 երիտասարդներ էին»` աւելցնելով. «Ասիկա կարելի չէ ընդունիլ»:
Պատասխանելով Սիսիի հետ հանդիպելու վերաբերեալ հարցումի մը` Էրտողան նշած է. «Անոր, որ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Սիսիի հետ չեմ հանդիպիր… ես բացարձակապէս այդպիսի անձի մը հետ չեմ հանդիպիր»:
«Արեւմուտքը Եգիպտոսի նախագահի ոտքերուն տակ կարմիր գորգ կը փռէ, փոխանակ Եգիպտոսի մէջ յեղաշրջումը մերժելու», ըսած է ան:
«Ամէն բանէ առաջ ան համաներում շնորհելով ազատ պէտք է արձակէ բոլոր բանտերուն մէջ գտնուող մարդիկը, եւ այնքան ատեն որ զանոնք ազատ չէ արձակած, չենք կրնար Սիսիի հետ հանդիպում ունենալ», յայտնած է Էրտողան` աւելցնելով. «Անոնք, որոնք կը յաւակնին աշխարհի վրայ յեղաշրջումները մերժել, յստակ կեցուածք մը չորդեգրեցին Սիսիի դէմ, որ յեղաշրջումի ճամբով տապալեց Մոհամետ Մուրսին»: