Կ. Ա.
Հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունի հայ երգը: Դարեր շարունակ ան ազնուացուցած է, ոգեշնչած ու լիցքաւորած տարբեր սերունդներու պատկանող հայորդիներուն հոգիները: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ հայ երաժշտութեան վերապահուած է յատուկ կարեւորութիւն: Մենք շատ բան կը պարտինք այն երախտարժան երաժշտահաններուն, յօրինողներուն, աշուղներուն, երգչախումբերուն եւ հայ երգը հարազատ մեկնաբանողներուն, որոնք հայ մշակոյթի ջահը վառ պահեցին եւ զայն փոխանցեցին մինչեւ օրս: Այս աշխատանքը արդիւնք է այն խոր համոզումին, որուն հաւատացած են արուեստի գանձարանին մէջ իրենց անմնացորդ լուման ներդրած հաւատաւոր հոյլ մը արուեստասէրները:
Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի ձեռնարկները իրենց տարողութեամբ ուղղակի պատգամներ են հայ ժողովուրդին` տէր կանգնելու հայ մշակոյթին եւ իբրեւ աւանդ փոխանցելու զայն յաջորդող սերունդներուն: Այս առումով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հաւատարիմ միութեան հիմնադիրներուն ուղեգիծին, շարք մը ձեռնարկներով մշակութային բուրաստան մը պարգեւեց լիբանանահայութեան` գեղեցկացնելով եւ ազնուացնելով ունկնդիր արուեստասէրներու հոգիները: Արդարեւ, վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 25 փետրուար 2019-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ուր հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Պապայեան եւ երգի բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Սոնա Ռուբէնեան:
Սրահը լեցուցած երաժշտասէրներու ներկայութիւնը արդէն կ՛արտացոլացնէր այս համերգին յաջողութիւնը:
Սոնա Ռուբէնեան առինքնող եւ մեղեդիական ձայնով հրապուրեց ներկաները: Ան մեկնաբանեց «Երեւան-Էրեբունի», «Արցախ», «Բալլադ զինուորի մասին», «Մայրիկ», «Պատրանքի թեւով», «Ժամանակն է», «Սարի աղջիկ», «Հայկական Էսքիզներ», «Լուսին» երգերը եւ հայրենասիրական-ազգագրական երգերու շարան մը, որոնք խանդավառեցին ունկնդիրները, եւ անոնք իրենց ծափահարութիւններով գնահատեցին Սոնա Ռուբէնեանի ձայնային կարողութիւնն ու արուեստը:
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Պապայեան արդէն հանրածանօթ անուն է լիբանանահայութեան: Ան հոգեհարազատութեամբ եւ բարձրորակ արուեստով մեկնաբանեց «Սոխակ», «Սիրելիս», «Հայի աչքեր», «Իմ Երեւան», «Միայն հաւատա՛», «Լուսնեակն ելաւ», «Կիլիկիա», «Շալախօ» երգերը եւ ժողովրդային երգերու շարան մը: Ի՜նչ հրապուրիչ էր, երբ ժողովուրդը կը ձայնակցէր արուեստագէտին` այս ձեւով ոգեշնչելով երգչուհին եւ արտայայտելով խոր սէր ու յարգանք իր անձին ու արուեստին նկատմամբ: Հանդիսատեսները եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին նաեւ շուրջպար բռնելով սրահին մէջ:
Եզակի այս համերգը փակուեցաւ Զարուհի Պապայեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի զուգերգով` «Երազ իմ երկիր հայրենի» եւ «Երեւանեան փոփուրի», որուն աւարտին ներկաները յոտնկայս եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով արտայայտեցին իրենց արժանի սէրն ու գնահատանքը հայրենի տաղանդաւոր զոյգ արուեստագէտներուն:
Ներկաները հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ու գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս յիշատակելի երգահանդէսէն: Այս ելոյթին արձագանը դեռ երկա՜ր պիտի մնայ լիբանանահայութեան յիշողութեան եւ հոգիներուն մէջ: